Մանուկ պարտէզէն վերադարձաւ։ Ոտքերը բազկաթոռին վրայ երկարեց, իսկ գլուխը հաստատեց կռնակին ետեւ դրուած բարձին։ Ձեռնահեռաձայնը մէկդի նետեց ու տղան կանչեց.
– Ծերո՛ն, ի՞նչ կ’ընես։ Մօտեցի՛ր հետդ խօսելիք ունիմ։
Ծերոն՝ Մանուկին անդրանիկ զաւակն էր։ Ճիշդ է, որ ուսման շատ փափաք չունէր, սակայն ան լուրջ, աշխատասէր, քաղաքավար, ինքնազարգացումը սիրող եւ դեռ շատ լաւ յատկանիշներով օժտուած տղայ մըն էր։ Այլ խօսքով՝ ընտանիքի ընտիր տղայ էր։ Ան համագիւղացիներուն յարգանքը վայելող եւ փնտռուած դէմք մըն էր։
Ծերոն հօրը մօտեցաւ ու զարմացած հարցուց.
– Ի՞նչ կայ, հայրի՛կ։
– Նստէ՛,- ըսաւ հայրը,- Ինչո՞ւ իրար անցար, շատ լաւ նիւթի մը մասին խօսելու համար կանչած եմ քեզ։ Անցեալները, վերի պարտէզին կարմիր խնձորներուն ծառին տակ, դուն ու մայրդ կը խօսէիք աղջկայ մը մասին, կարծելով որ ծառերը ականջ չունին։ Սակայն անոնք ալ հոգի են, կը լսեն։ Ուստի ձեր խօսակցութիւնն ալ ինծի փոխանցեցին։
Ծերոնին ճակտին վրայ փայլող քրտինքի կաթիլներն ու կարմիր խընձորի գոյն առած այտերը զինք մատնեցին, անոր թաքուն սէրը բացայայտեցին։ Շփոթի մատնուած էր, ձեռքերուն մատները միմիանց գրկած զինք կը դրդէին պատասխան որոնելու…
– Ի՞նչ եղաւ քեզի, Ծերո՛ն, պապանձեցա՞ր, միշտ համարձակ եղած ես, տղա՛ս։ Ե՞րբ կ’ուզես երթանք աղջկան տունը ու ձեռքը խնդրենք քեզի համար։
Որոշուած օրը Ծերոն կանուխէն պատրաստուած էր։ Եկուր տես, որ ժամանակը այնքան դանդաղ կը քալէր այդ օրը, որ անոր թուեցաւ թէ ժամացոյցին սլաքները չէին ուզեր առաջ երթալ։ Երբ հայրն ու մայրն ալ պատրաստուեցան, բոլորը դէպի աղջկան տունը ուղղուեցան։
Այդ օր ճամբան ալ երկար թուեցաւ Ծերոնին համար։ Բարի գալուստին եւ որպիսութեան մասին հարցումները աւարտելէն ետք, Մանուկ անմիջապէս նիւթին անցաւ։ Աղջկան ընտանիքն ալ հաւանութիւնը յայտնելէն ետք, մնացած էր երկու ծնողներու օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւններ ստանալը։
Մանուկ վերադարձի ճամբուն մտաբերեց իր եւ ծնողքին այցելութիւնը Մանուշենց տուն՝ անոր ձեռքը խնդրելու։ Այդ օրերուն, այսօրուան դիւրութիւններն ալ չկային։ Անոնք հետիոտն գացին, նոյնիսկ բջիջային հեռախօս չկար, ամէն ինչ աւելի դժուար էր։ Այդուամենայնիւ ամէն ինչ աւելի քաղցրահամ էր։ Մանուկ այսօրուան պէս կը յիշէր այդ օրը, երբ ինք, հայրը, մայրը, մեծ հօրաքոյրը, հօրեղբայրն ու աղբրկինը (հօրեղբօր կինը) միասին գացին աղջիկ ուզելու։ Երբ Մանուշին ծնողքը դրական պատասխան տուին իրենց, այդ ուրախ լուրը սպասող դրացիներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն աւետելու համար աքաղաղ մը «ճըքքացուցին», անշուշտ աղջկան տունէն վերադառնալէն ետք։
Գիշերուան այդ ժամուն երբ գիւղին մէջ աքաղաղին ձայնը կը լսուէր, բնակարաններուն մէջ լուրը սպասող բոլոր գիւղացիները կ’իմանային թէ «Այո» պատասխանը ստացած են։
Այդ առիթով մօտիկ դրացիները, հարազատներն ու բարեկամները շնորհաւորելու կու գային ու կերուխումի սեղան կը պատրաստուէր։
Նախապէս պատրաստուած բան չէր ըլլար։ Տուներուն մէջ առատութիւն կար, սեղանները շուտով կը պատրաստուէին։ Շնորհաւորութեան եկողները դատարկ ձեռքերով չէին գար։ Անոնք սեղանը ճոխացնող բան մը անպայման բերած կ’ըլլային՝ համեմուած, ապխտած չորթան, նուշ, ընկոյզ, կուժի պանիր, ծոթրինով հաց եւ կամ ալ գինի, օղի ու դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր։
Տանտիրուհին խոհանոց կը մտնէր, անշուշտ զինք առանձին չէին ձգեր, բոլորը ձեռք-ձեռքի տուած օգնութեան կը հասնէին։ Խօսելով, խնդալով եւ երգելով սեղանը շուտով պատրաստ կ’ըլլար։ Երիտասարդներուն կը վիճակուէր աքաղաղները զենել ու խորովել։ Իսկ ներկաներուն փոխադարձ սէրն ու յարգանքը մթնոլորտը կը ջերմացնէր։ Ո՞վ կը հարցնէր թէ ի՛նչ կայ սեղանին վրայ, ո՛վ ո՛ւր նստած է։ Կարեւորը հրճուանքով լեցուն սրտերն էին։ Երգն ու պարը կը սկսէին, տհոլը կը զարնէր, իսկ զուռնան կը փչէր։ Ուրախութիւնը մինչեւ ուշ գիշեր կը շարունակուէր։
– Բայց զիս չհրաւիրեցիք, Մանո՛ւկ,- Մանուշն էր, Մանուկին անուշ պատմութիւնը ընդհատողը,- Ու առանց ինծի քէֆ ըրիք։
Հակառակ երեք տասնամեակ մը անցած ըլլալուն, Մանուշ սրտին մէջ պահած էր այդ խօսքը։
Այն ատեն հարսնցուն չէին հրաւիրեր «ճըքքուն»-ի Մանուշ,- ըսաւ Մանուկ։ Աւելի ուշ մարդիկ կամաց-կամաց սկսան հարսնցուն հրաւիրել, յետոյ՝ հարսնցուին մայրը, հայրն ու ընտանիքն ալ։ Իսկ այս օրերուն «ճըքքո՛ւն»-ին ինչ ըլլալը ո՞վ գիտէ։
Ծերոն ուրախ սրտով ու հանգիստ մտքով, աչքերը խոշոր բացած, ականջները սրած, ուշի-ուշով, հետաքրքրութեամբ կը լսէր հօր պատմածներն ու մօր հետ զրոյցը։
Սեւան Ա. Մանճիկեան