Vaticannews_ը յայտնած է, որ Հռոմի Ֆրանրիսկոս պապը մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտին առնչութեամբ։

«Մօտաւորապէս 120. 000 հայեր՝ 30. 000 երեխաներ կ’ապրին սահմանի վրայ, եւ ենթադրեալ ճանապարհներուն փակումը անոնց մեկուսացուցած է աշխարհէն եւ զրկած է սնունդէն, դեղորայքէն եւ շտապ օգնութեան պարագաներէն», նշուած է Վաթիքանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հռոմի պապը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած է գտնելու «խաղաղ լուծումներ՝ հանուն ժողովուրդի բարօրութեան»։

Հռոմի պապը ըսած է, որ «անհանգստացած է Հարաւային Կովկասի մէջ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակով». «Զիս կ’անհանգստացնեն մարդոց մարդկային անկայուն պայմանները, որոնք ձմեռուան ընթացքին հետագայ վատթարացումի վտանգի տակ են», ըսած է ան: