Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան ( այսուհետ՝ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս անդրադարձաւ 13 Սեպտեմբերին հայ_ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան եւ կազմակերպութեան արձագանգին: Զաս ընդգծեց, որ ՀԱԿՊ-ը արագ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք կատարած է այդ ուղղութեամբ՝ ընդունելով շարք մը կարեւոր որոշումներ:
Տարեկան ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին Զաս յայտնեց, որ ընթացիկ տարուան ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստերու քանակի իւրօրինակ չափ սահմանուած է։

«ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ գումարուած է 5 անգամ՝ քննարկելու հրատապ հարցերը։ Սա առաջին անգամն է մեր կազմակերպութեան պատմութեան մէջ։ Երեք անգամ նիստ հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմումին համաձայն։ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ նիստերուն քննարկուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը։ Պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարութեամբ մշակուած է հետապնդողական առաքելութիւն՝ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին եւ Միացեալ շտապի պետի գլխաւորութեամբ: Ընդգծած է աշխատանքներու ուժգնութիւնը, որ գրանցուեցաւ սեպտեմբերեան այս իրադարձութիւններու ընթացքին», ըսաւ Զաս։

Զասի խօսքին համաձայն, 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին սկսած թէժ մարտերու օրը, ՀԱՊԿ անդամ պետութեան ղեկավարները հաւաքուած են առցանց ձեւաչափով ՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի գագաթնաժողով կատարելու համար, որու ընթացքին քննարկած են իրավիճակը: