Թուրքիա արագացուած կշռոյթով կ’աշխատի երկիրը միջազգային «կազային հանգոյց»-ի վերածել: Այս մասին կը յայտնէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Թուրքիա արագացուած կշռոյթով կ’իրականացնէ ենթակառուցային աշխատանքները, որոնք անհրաժեշտ են երկիրը միջազգային կազային հանգոյցի վերածելու համար»,կը յայտնէ թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը:
Յայտարարութիւնը հաստատելու համար կը հաղորդուի, որ օրկանական նիւթերը կազի վերածելու թրքական երրորդ նաւը մտած է Միջերկրական ծով:
Գործակալութիւնը բացատրած է նաեւ, որ նաւը նախատեսուած է 180 հազար խորանարդ մեթր հեղուկացուած բնական կազ պահեստաւորելու համար եւ կրնայ օրական 28 միլիոն խորանարդ մեթր կազ մատակարարել: