Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ  2021-ին իսկ թիրախաւորուած Իսթանպուլի «Bogazici» համալսարանի պատասխանատուի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն մասնակցած 14  ուսանող դատապարտուած է 335 տարուան բանտարկութեան։
Ցոյցերէն մէկ օր անց Էրտողան ուսանողները  անուանած էր «ահաբեկիչներ»։
Դատարանը ցոյցերու մասնակից  ուսանողներէն 12 հոգիի 23 տարուան 5 ամսուան, իսկ միւս երկուքին նկատմամբ  գոյացուցած էր 27 տարուան 5 ամսուան եւ 25 տարուան 10 ամսուան ազատազրկման վճիռ։
Անոնց առաջադրուած էր ապստամբութեան մեղադրանք, անձը ազատութենէ զրկելու, պարտականութիւններու կատարումը խոչընդոտելու քրէական յօդուածի յատկանիշներով։