Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէն արգելափակուելուն հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան «Հանրապետական Բժշկական Կեդրոն»_ի ուռուցքային եւ սրտանոթային համակարգի ծանր հիւանդութիւններ ունեցող, ինչպէս նաեւ վիրահատութիւն պահանջող ախտաբանութեամբ 6 անձ այսօր՝ 4 Փետրուարին, Կարմիր Խաչ միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է ՀՀ բժշկական մասնագիտական կեդրոններ։

Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ցարդ կարելիութիւն չկայ ծրագրուած վիրահատութիւնները իրագործելու։

Մինչ այսօր Կարմիր Խաչ միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ և ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 70 վատառողջ քաղաքացիներ։