Սուրիոյ երկրաշարժներու ազգային կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Ռաէտ Ահմատ յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան երկրաշարժէն ետք 25 յետցնցումներ արձանագրուեցան։
Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ժամը յետմիջօրէի 4։00-ի տուեալներով զոհերու ընդհ. թիւը հասաւ 403-ի, վիրաւորներունը՝ 1284-ի։

Հալէպի մէջ զոհերուն թիւը հասաւ 156-ի, վիրաւորներունը՝507-ի, փուլ եկաւ 46 շէնք։

Երկրաշարժներու կեդրոնի պատասխանատուին կարծիքով եդկրաշարժներուն ժամը, օրը եւ տարին կարելի չէ կանխատեսել, սակայն լեռնաշղթաներու շրջանները, համաշխարհային առումով, ենթակայ են երկրաշարժային աշխուժութեանց։