Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ի լուսաբացին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առնչութեամբ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատրեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ցաւակցութիւն յայտնած են Սուրիոյ ժողովուրդին, շուտափոյթ ապաքինում մաղթած են վնասուողներուն եւ հարկ եղած օժանդակութեան համար պատրաստակամութիւն յայտնած են։