Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ այսօր ընդունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջարկած մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին։
Փութին Ասատի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ շեշտեց, որ Ռուսիոյ Արտակարգ Դրութեանց Նախարարութենէն փրկարարներու խմբակներ Սուրիա պիտի ժամանեն յառաջիկայ ժամերուն։
Նախագահ Փութին իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց երկրաշարժի զոհերուն եւ շեշտեց Սուրիոյ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը։