-Երբ միաժամանակ մարմնիդ երկու տարբեր տեղերը ցաւ զգաս, օրինակ ոտքդ կը ցաւի 65 % եւ ուսդ կը ցաւի 75 %, ո՞ր ցաւը աւելի կը զգաս:
-Անշո՛ւշտ աւելի մեծ ցաւը կը զգաս՝ ուսիդ ցաւը:
Սուրիոյ պատերազմին առաջին տարին էր, առաջին օրերը. Տակաւին չէինք հասկնար թէ ինչո՛ւ այս չարիքը կը թափի մեր գլխուն, ինչո՛ւ այսքան ազնիւ, աշխատասէր եւ խաղաղասէր ժողովուրդ մը պէտք է ա՛յս վայրագութեամբ տանջահար ըլլայ …
Ամէն գիշեր գլուխս բարձին կը դնէի եւ տեսակ մը քաշուելով կը սկսէի շուրջիններուս համար բաներ խնդրել՝ մէկուն առողջութիւն, որուն տունը որ վտանգաւոր գօտիներու մէջ էր՝ ապահովութիւն, ուրիշի մը՝ ընտանիքը պահելու միջոցներ, չորրորդի մը դուրսէն գալիք դեղորայք եւ այլն … յետոյ կը լռէի, որովհետեւ կը քաշուէի այդքան բան ուզել-խնդրելու:
Երբ այս զգացումս կ’արտայայտէի, իսլամ դրացուհիներէս մէկը ըսաւ.
«Երբե՛ք քաշուելու չես, մեր Տէրը ողորմած է եւ առատաձեռն, որքան ուզես, կու տայ …»:
Այն ատեն էր որ անդրադարձայ թէ որքա՜ն տարբեր են մեր Աստուածները. Մերը ողորմած է եւ գթած, կը խնդրենք, երբեմն կու տայ, երբեմն ոչ, բայց երբե՛ք չենք պահանջեր. Հետեւաբար կը գոհանանք եւ փառք կու տանք. Մինչ իրենք կը պահանջեն ուղղակի, եւ որովհետեւ իրենց Աստուածը պատժող է, իրենք վախ կ’ապրին եւ այդ վախը կը փոխադրեն իրենց շուրջիններուն վրայ:
Սորված են վախնալ իրենց Աստուածէն, հետեւաբար՝ նաեւ վախցնել իրենց շուրջինները …
Ահա թէ ինչո՛ւ հոս ենք:
Հիմա ճիշդ նոյնը կ’ընեն Արցախի մէջ՝ շրջափակեր են այդքան կին ու երեխայ եւ նախ վախով կը տկարացնեն զանոնք, որ յետոյ …
Բայց ճիշդ նոյն ոճը չէ՞, որ տեսեր էինք ասկէ դար մը եւ աւելի առաջ:
Տեսեր էինք, բայց չենք սորված անոր հետ վարուելու կերպը:
Իսկ իրենք, երբ կը տեսնեն թէ իրենց ոճը շա՜տ դիւրաւ արդիւնք կու տայ, կը շարունակեն, աւելի եւ աւելի լկտիանալով …
Բայց ո՞ւր մնացին պատիժ եւ հատուցումը. ո՞ւր է այն վայրը, ուր տառապեալները պիտի մխիթարուին եւ տանջուածները հանգիստ պիտի գտնեն:
Ինը տարի առաջ դիմատետրին գրեր եմ.
«Տխրութիւնը իմաստութիւն կու տայ, իսկ ուրախութիւնը՝ պայծառութիւն հոգիին: Հիմա ազգովին իմաստուն դարձանք արդէն»:
Դարձա՞նք. թերեւս այո՛, բայց այս անգամ բնութիւնը մեզի հանգիստ չտուաւ այդ «թերեւս»ը վերանայելու:
«Տխրութենէն եւ Ցաւէն ծնած այսքան իմաստութեան պէտք չունինք արդէն … Ո՞ւր է պայծառութիւնը»:
Սիրելի բանաստեղծուհի Երան Գ.ը սակայն կ’ըսէ.
«Եթէ իմաստուն դարձած ըլլայինք, նոյն սխալները չէինք կրկներ Խորենացիի օրերէն մինչեւ հիմա»:
Այս ալ ճիշդ է, բայց բնութի՞ւնը …
Եւ ոչ միայն բնութիւնը, այլ ամբողջ աշխարհը, որ կրկին խուլցած է.
«Վերցուցէ՛ք պատիժները Սուրիոյ վրայէն այս ծանր օրերուն» կ’ըսենք մենք եւ մեզի հետ սրտցաւ մէկ-երկու կազմակերպութիւն: Բայց լսողը ո՞վ:
Իսկ օգնութիւնը բառացիօրէն կը հոսի դէպի … Թուրքիա: Հո՞ս ալ դեր ունինք մենք եւ մեր չիմաստութիւնը:
Թերեւս այո՛:
Կը տեսնէ՞ք, արդէն սկսայ կասկածիլ մտածելու եւ տրամաբանելու կարողութեանս վրայ …
Բայց դէպքերն ալ թոյլ չեն տար, որ տրամաբանութիւնը իր ճամբով ընթանայ, առանց շփոթելու, որովհետեւ ի՞նչ մտածես, երբ կը լսես, որ Հայաստանէն փրկարար ջոկատներ հասեր են Ատիյաման, իրենց օգնութիւնը մատուցելու երկրաշարժէն տուժածներուն, իսկ շնորհակալութիւնը ստացեր է … Ատրպէյճանի նախագահը. ի՞նչ մտածես.
Յամենայն դէպս՝ երկրաշարժը կատարուած իրականութիւն է եւ ոչ՝ մղձաւանջ, որմէ բոլորս ալ կը կարծենք արթննալ, ինչպէս կը կարծէինք Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերուն, Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն, անկէ շատ առաջ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւ ամէնէն վերջը՝ Արցախի շրջափակումին, որուն համար իրանցի պլոկըր Փույա Հոսէյնի կը գրէ իր էջին վրայ.
«Ի հարկէ մարդկային անմեծ կեանք ամէն մէկ կորուստը ցաւալի է, բայց ինչպէ՞ս կարելի է պապէն աւելի պապական ըլլալ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժէն աւելի ցաւ զգալ, քան արդէն 58 օր շրջափակումի մէջ գտնուող Արցախի ժողովուրդին ի տես. Ինչ որ կը կատարուի է հոն ցեղասպանութիւն է եւ աղէտ, որ օր ըստ օրի աւելի կը խորանայ, երբ արցախցի հազարաւոր մանուկներ, ամբողջ աշխարհի կոյր աչքերուն առջեւ այս խիստ ձմեռուան մէջ սովամահ կ’ըլլան, զրկուած ապրելու ամենէն տարրական միջոցներէն»:
«Երբ կը հետեւիս աշխարհի լրատուամիջոցներուն եւ քաղաքական գործիչներուն, կը տեսնես որ բոլորին ուշղադրութիւնը Թուրքիոյ վրայ կեդրոնացած է եւ բոլորն ալ կը փութան օգնութիւն հասցնել Թուրքիոյ: Բայց արդեօ՞ք Սուրիոյ երկրաշարժը երկրաշարժ չէ եւ Սուրիան կարիք չունի անմիջական օգնութեան. Կամ արդեօ՞ք ապրելու բոլոր միջոցներէն զրկուած Արցախի ժողովուրդը մարդկային էակներ չեն աշխարհի աչքին»:
«Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է շեփորահարել մարդու իրաւունքները, միաժամանակ անտեսել, անտարբերութեան մատնել, ոտնահարել իր ծննդավայրին, իր երկրին մէջ ապրելու իրաւունքէն զրկուած 120.000 մարդոց ձայնն ու ճակատագիրը: Կամ բաւարարուիլ եւ գոհանալ պարապ յայտարարութիւններով եւ անգործութեամբ …»:
«Երկու չափ, երկու կշիռով ապրող աշխարհի կեղծ դէմքը դիտելն իսկ տհաճ է արդէն …»:
Ճիշդ է, որ ա՛յս ալ խօսք է միայն, բայց մխիթարական է մեզի համար, որովհետեւ կը տեսնենք թէ ի վերջոյ կան ազնիւ մարդիկ, որոնք ճիշդը տեսնելու եւ այդ ճիշդին մասին խօսելու քաջութիւնը ունին:
Ի՛նչ ալ որ ըլլան պայմանները, Սուրիան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ արտաքին խոչընդոտները չեն կրնար փոխել այս ազնիւ ժողովուրդին մարդասիրութիւնն ու իրերօգնութիւնը, իսկ հալէպահայ գաղութը հաստատեց իր մայր ըլլալու կարգավիճակը, անմիջապէս կազմակերպուելով եւ լաւագոյնը ընծայելով քաղաքի տուժած ժողովուրդին:
Բայց … «Ա՛լ կը բաւէ, տէ՛ր Աստուած …»:
Մարուշ Երամեան