ՀՀ արտաքին գիրծոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ 23 Փետրուարին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ ալ-Մըքտատին:

Արարատ Միրզոյեան ցաւակցութիւն յայտնած է գործընկերոջ ու Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին 6 Փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին համար՝ յայտնելով Հայաստանի և հայ ժողովուրդի զօրակցութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ՀՀ ԱԳ նախարարը յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ուղարկուած փրկարար ջոկատները առաջիններէն էին, որոնք փութացին Սուրիա, աւելցնելով, որ Հայաստանէն մարդասիրական օգնութեան արդէն երեք խմբաքանակ ուղարկուած է աղէտէն տուժած շրջաններ:

Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նաև երկկողմ և բազմակողմ ձևաչափերով հայ-սուրիական համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կողմերը արձանագրած են, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հիմնուած են հայ և սուրիացի ժողովուրդներու բազմադարեայ բարեկամութեան վրայ: Այս առումով ընդգծուած է, որ Սուրիոյ հայ համայնքը իւրայատուկ կամուրջի դեր կը խաղայ երկու երկիրներուն միջև:

Հանդիպման օրակարգը ընդգրկած է նաև տարածաշրջանային ապահովութեան հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան Ֆայսալ ալ-Մըքտատին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամի մանրամասնութիւնները: