Արցախի մէջ Ատրպէյճանի դաւադրական գործողոթիւններուն հետեւանքով ունինք երեք զոհ ու վիրաւոր: Փաստօրէն, Արցախը շրջափակման մէջ պահելով, կազի ու ելեկտրականութեան խափանումներով արցախցիները ճնշելու ձախողած փորձերէն վերջ Ատրպէյճան անցաւ զինուորական ճամբով հարցերու լուծման փորձերուն։

Ես բազմիցս յայտնած եմ, որ իրենց առաջարկած «ամբողջացում»ը մեզի համար չի կրնար ընդունելի ըլլալ, քանի որ ատիկա կը նշանակէ, որ Արցախի մէջ հայ չի կրնար ապրիլ: Ալիեւեան վարչակազմը ամէն օր կ’ապացուցէ, որ իր նպատակը մեզի այստեղէն հեռացնելն է, մեզի մեր հայրենիքէն զրկելն է: Անոնք այդ նպատակին հասնելու համար ունակ են դիմելու որեւէ քայլի: Այսօրուան դէպքերը անոր վառ ապացոյցն են:

Կարեւոր է, որ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրը վերյիշենք անոր մեզի ուղղուած խօսքերը: Անոնք աւելի արդիական են այսօր, քան երբեք: Ան ըսած է. «Ես կ’ատեմ մազապուրծ բառը, ես չեմ ուզեր մազապուրծ ըլլալ, ես չեմ ուզեր մէկ անգամ եւս իմ հայրենակիցներուն, հարազատներուն սուրի տալ… Եւ, փառք Աստուծոյ, մեր ժողովուրդը իր մէջ այդ զոհի հոգեբանութիւնը յաղթահարեց: Այդ իմաստով մենք այս պատերազմը պիտի շատ յարգենք, ընդհանրապէս ղարաբաղեան ազատամարտը, Ղարաբաղի ժողովուրդին մենք պիտի շատ յարգենք: Այս ազատամարտը մեզ ստիպեց, որ մենք մեզ յարգենք: Սա մեր պատերազմն է: Սիրենք թէ չսիրենք, պատերազմ ոչ ոք սիրած է, բայց պարտաւոր ենք յարգել, առանց անոր մենք հեռանկար չենք ունենար…», գրած է ան:

Ասոնք իսկական առաջնորդի խօսքեր են, որուն համար իր ժողովուրդին արժանապատիւ կեանքը վեր է ամէն ինչէ։

Պատասխանատուութիւն ստանձնած մեր ղեկավարները պէտք է գիտակցին, որ կարելի չէ մեր ազգային արժանապատուութեան հաշուոյն յարմարիլ։ Մեր հայրենիքին անվտանգութիւնը կարելի է ապահովել միայն մեր կամքի ու ուժի շնորհիւ։

Պայքարի ու դիմադրութեան այլընտրանքը մազապուրծ ու հայրենազուրկ դառնալն է, ինչին մենք թոյլ չենք կրնար տալ։

Ռուբէն Վարդանեան
Արցախի նախկին պետական նախարար