Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կայքէն հանուած է անոր յայտարարութեան այն հատուածը, ուր նշուած էր Արցախի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքը նկատի առնելու անհրաժեշտութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ ասուլիսի մասին կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան ներկայ տարբերակին համաձայն, Գերմանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ «վէճի խաղաղ կարգաւորումը պէտք է ձեռք բերուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի հիման վրայ»։

Մինչդեռ, ըստ հաղորդագրութեան սկզբնական տարբերակին, Շոլց յայտարարած է, որ «վէճի խաղաղ կարգաւորումը պէտք է ձեռք բերուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին հիման վրայ»։