21 Մարտին Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» կազմակերպութեան անդամները բողոքի ցոյց իրականացուցած են Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որուն բռնապետական վարչակազմը շրջափակման մէջ կը պահէ 120 000 հայեր:

«44-օրեայ պատերազմէն գրեթէ 3 տարի անց ատրպէյճանական բռնապետութիւնը կը շարունակէ հալածել արցախահայութիւնը։

Ատրպէյճան կը շարունակէ անողոք զինուորական սադրանքներով թիրախաւորել հայ խաղաղ բնակիչները եւ զինուորները։

Պատերազմը չէ աւարտած այնքան ժամանակ, քանի տակաւին այս յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ եւ կը խլանան աշխարհի լռութեան մէջ:

Մեր պայքարը կը շարունակուի», կ’ըսէին ցոյցի մասնակիցները:

Անոնք եռագոյն ծխագլաններ արձակեցին եւ այրեցին Ատրպէյճանի դրօշակը: