Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւն տարածած է, թէ իբր հայկական կողմը՝ ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ, զօրք եւ զինամթերք տեղափոխած է Ստեփանակերտ-Ղաբալիշէն-Լիսագոր անտառային ճամբով:

Իրականութեան մէջ, խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ այդ ճսմբով տեղի կ’ունենայ միայն քաղաքացիական անձերու եւ մարդասիրական բեռներու տեղափոխութիւն Արցախի բնակավայրերուն միջեւ։
Յիշեցնենք, որ Շուշիի շրջանի որոշ գիւղերու հետ մայրաքաղաքի բնականոն հաղորդակցութիւնը ընդհատուած է 12 Դեկտեմբեր 2022_էն սկսեալ՝ Ատրպէյճանի կողմէն Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին արգելափակելու պատճառով:

Նկատի առնելով այդ լեռնային ճանապարհի աշխարհագրական բարդ իրավիճակը՝ երթեւեկութիւնը կազմակերպուած է մեծ ու բարձր մեքենաներով, որոնք ատրպէյճանական կողմը փորձ կ’ընէ ներկայացնել իբրեւ զինուորական նշանակութեան փոխադրումներ իրականացնող մեքենաներ:

Իսկ ռուս խաղաղապահները կատարած են իրենց գործառոյթը՝ ամրագրուած 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեամբ: Նկատի առնելով 5 Մարտի յարձակումը Արցախի ոստիկաններուն վրայ եւ յառաջացած լրացուցիչ ապահովական վտանգները՝ ռուսական կողմը ապահոված է քաղաքացիական անձերու ու բեռներու անվտանգ տեղաշարժը:

ԱՀ Ներքին Գործոց Նախարարութիւն