Այս տարի տարբեր էր նախորդ տարիներէն: Կը խորհէի, թէ դժուարութիւններու հանդիպիլը սովորական փորձութիւն մըն էր,  յաճախ՝ օգտաշատ։ Դժբախտաբար, սակայն, դժուարութիւնները երբեմն վատ ազդեցութիւն ունեցան մեր հոգեկան աշխարհին վրայ։ Մեր կեանքը տակնուվրայ եղաւ, յար եւ նման  խճողուած ու անկանոն պողոտայի մը, ուր ոստիկանութիւն չկայ, որովհետեւ մենք ենք մեր անձնական կեանքին ոստիկանները։Մենք կը պահենք մեր կեանքին ընթացքը, իսկ եթէ վատ բաներ պատահին՝ պողոտան  մեր ճիգերով կը փորձենք կարգի բերել։
Մեր հոգեկան աշխարհը կ’ալեկոծի, երբ կ’ապրինք յուսախաբութիւն վստահելի սիրելիէ մը, կամ կը ձախողինք, կամ  սերտ ընկերոջ մը հետ վիճաբանութիւնը հարցի կը վերածուի, կամ ալ ականատեսը կ’ըլլանք վստահելի անձի մը դաւաճանութեան։ Դիւրին չէ նման փուլ յաղթահարելն ու մեր ներքին հանգստութիւնը վերագտնելը, սակայն բաւական կարեւոր դասեր կրնանք քաղել այս միջոցին:
Կրնանք  նեղանալ, պոռթկալ երբեմն, թէ ինչո՞ւ այս բոլորը մեզի կը պատահին, բայց խոստովանիմ, որ եթէ չըլլային անոնք, մենք հասունցած չէինք ըլլար, մեր սխալներէն չէինք սորվեր, իսկ մեր հոգեկան աշխարհը չէր զարգանար։
Ինչքան ալ դժուար դառնայ մեր կեանքը, ծանրանայ վատ զգացումներու ազդեցութիւնը մեր ներքին աշխարհին վրայ, պիտի գայ օր մը, պահ մը, երբ մեր վէրքը պիտի դարմանուի, մենք աւելի ուժեղ պիտի դառնանք ու ժպիտով յիշենք մեր ապրած դժուարութիւնները։
Նարեկ Ռալֆ Ապաճեան