Մարտ ամիսը աւարտին հասաւ: Քեսապի ցուրտ ձմեռէն, երկար ու պաղ օրերէն ետք, տաքուկ արեւը վիզը երկարեց բլուրին ետեւէն: Ան կարօտցած էր դաշտերը, պարտէզները, ծառերը, կապոյտ երկինքն ու մարդիկ: Ամպերը՝ ամիսներէ ի վեր քողարկած էին անոր դէմքը: Կարօտն ու սէրը փոխադարձ էին: Բնութիւնն ու մարդիկն ալ կարօտցած էին արեւուն շողերը:  Ու տեսէք, թէ ի՛նչ մեծ ուրախութեամբ ու հաճոյքով զինք կը դիմաւորէին:
Երկնքին մէջ բարձր-բարձր թռչող արագիլները, որոնք կը պատրաստուէին գաղթելու, վերէն աւելի յստակ ու լաւ կը տեսնէին ճամբան, ու իմաց կու տային, թէ գարնան գալուստը մօտ է: Անոնք իրենց թեւերը լայն-լայն տարածած, մերթ շրջանակներ, մերթ եռանկիւններ կազմելով կը թռչէին, ուրախութեամբ ու պարով գարնան եղանակին գալուստը կ’աւետէին:
Իսկ պտղատու ծառերը ծաղիկներով կ’աւետէին գարնան գալուստը: Անոնք պատուիրակութիւններ կազմած կարգով կը դիմաւորէին գարունը:
Նախ նշենիները իրենց սպիտակ ծաղիկներով, բարձրահասակ ոստերով, հպարտ իրենց գլուխները բարձրացուցած, բարի գալուստ կը մաղթէին գարնան, անտեսելով մերթ ընդ մերթ գարնանային կարճատեւ անձրեւները: Հակառակ անոր, որ Քեսապի մէջ նշենիները սակաւաթիւ էին, սակայն իրենց պարտականութիւնը լիուլի կը կատարէին:
Անոնց կը յաջորդէին ծիրանի ծառերը, իրենց գեղեցիկ վարդագոյն ծաղիկները նուիրելով գարնան: Ծիրանի ծառերը թիւով աւելի շատ են Քեսապի մէջ: Համարեա՛ ամէն պարտիզպան ծիրանի քանի մը ծառ ունի իր պարտէզին մէջ, այնքան որ ծիրանի եղանակին տուներուն մէջ բաւարար ծիրան ըլլայ ուտելու, ձմրան պաշարի, քիչ մըն ալ անուշի պատրաստութեան համար:
Կարգը դեղձի ծառերուն էր: Անոնք ալ իրենց կարգին, վարդագոյն ծաղիկներով բարի գալուստ կը մաղթէին գարնան: Քեսապի մուտքէն՝ Տիւզաղաճէն սկսեալ, ուր ամենամեծ թիւով դեղձի ծառեր կ’աճին, մինչեւ Քեսապի բոլոր շրջանները:
Գարունը ժամանած էր Քեսապ: Կանաչ գորգերը կը զարդարէին բոլոր դաշտերն ու պարտէզները: Փռուած գորգերը զարդարուած էին դեղին, մանր ծաղիկներով, որոնք իւրայատուկ են գարնան եղանակին: Դեղին ծաղիկներու շուքին տեղ-տեղ պահուըտած էին մանր-մանր վարդագոյն ծաղիկներ, որոնց ներկայութիւնը դաշտերուն աստուածային հրաշալի պատկեր մը տուած էր:
Իսկ բարձրադիր դաշտերը կը զարդարուէին «Մեղուի» ծաղիկ կոչուած վարդագոյն իւրայատուկ ծաղիկներով:
Էքիզօլուխի դաշտերը գարնան յատուկ զանգականման բազմայարկ բոյսերով կը բացուէին, նոյնանման բազմայարկ մանիշակագոյն ծաղիկներ կը զարդարէին բոլոր շրջանը:
Հապա՞ ծաղկած ճերմակ ու մանիշակագոյն մէնթիւրներու բոյրն ու սիրուն տեսքը: Անոնք շուտով պիտի զարդարէին փոքրիկներուն Ծաղկազարդի մոմերը:
Ու դեռ ուրիշ շատ ու շատ ծաղիկներ, որոնց այլ առիթով կ’անդրադառնամ:
Միայն նարկիզի թուփերն ու տերեւները, գունատ ու դեղնած տերեւներով, տխուր էին՝ պաղ օրերը կորսնցուցած ըլլալնուն համար: Սակայն անոնց ծաղիկէն ծլած սոխերը քունի մտած, առանց յուսահատութեան յաջորդ ձմրան սպասումի յոյսով կը պահուըտէին:
Ու վերջապէս գարունը դիմաւորելու կարգը Քեսապի խնձորենիներուն էր: Անոնք իրենց ճերմակ ծաղիկները կը նուիրէին գարնան: Այս պատուիրակութիւնը ծանրակշիռ դեր ունէր: Երկար տարիներու ընթացքին փնտռուած ու յարգանքի արժանացած էր քեսապցիներու կողմէ: Բոլորին աչքերն ու ուշադրութիւնը երկար սպասուած ու խնամուած այդ ծառերուն սեւեռած կը մնային: Անոնց ծաղիկները ճակատագրական էին պարտիզպանին համար: Անոնք պիտի որոշէին ամբողջ տարուան մը ծրագիրներու իրականացումը կամ ձախողումը: Ընտանիքի անդամներուն պահանջքներուն իրագործումն ալ անոնց յոյսին էր:
Հողագործներն ալ գարնան ջերմութիւնը, ծառ ու ծաղիկը շատ կը սիրէին: Անոնք զիրար կը շնորհաւորէին գարնան գալուստի ուրախ առիթով: Իսկ ծաղկած ծառերու, ծաղիկներու քանակէն մօտաւորապէս կը կռահէին ու կը գնահատէին, թէ այս տարուան բերքը տկար, միջա՞կ, թէ շատ լաւ պիտի ըլլայ:
Իսկ այն ծառը, որ աշխատասէր աշակերտի նման գովելի նիշ ստանար, բոլորին խօսակցութեան նիւթն ու բաղդատութեան չափանիշը կը դառնար: Հողագործն ալ անոր կոճղին թափ կու տար ու «Աֆարըմ» (Ապրի՛ս) կ’ըսէր անոր, ինչպէս աշխատասէր աշակերտի ուսին թափ կու տան՝ առ ի քաջալերանք իր տարած աշխատանքին: Այսպիսով պարտիզպանը, վըստահ ըլլալով որ իր յոգնութիւնը ի զուր չէր անցած, հոգեկան բաւարարութիւն կը ստանար:
Գարնան եղանակը դիմաւորելու եւ ձմրան եղանակը ճամբու դնելու ընթացքին, հողագործին հոգեվիճակը անհանգստացնող ու միտքը պղտորող մտահոգութիւնն ու մտմտուքը ամէն տարի կը կրկնուէին այս եղանակին: Ան չէր արտայայտուեր, բայց միշտ մտահոգ էր, որ յանկարծ ձմրան եղանակը իր ճամպրուկը պատրաստելէ ու ճամբայ ելլելէ ետք, ետդարձի կամ կարօտի նայուածք մը չնետէ, կամ քանի մը օրով չերկարաձգէ իր Քեսապ կեցութիւնը՝ պաղով, անձրեւով ո՜ւ, ո՜ւ, ո՜ւ «կարկուտով», որուն անունը լսելն անգամ այդ եղանակին կը սարսափեցնէին հողագործն ու ծաղկած ծառերը: Բայց ի՞նչ օգուտ, ո՞վ կրնայ բնութեան դէմ դնել: Գիւղացին միայն կրնար աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, որ եղանակներու փոփոխութեան ընթացքին բնութեան այս չար կատակները տեղի չունենան:
Հողագործը իր պարտէզի աշխատանքը կը շարունակէր գարնան ուրախ երգերով, իր ձայնն ու թռչուններու քաղցրահնչիւն ճըլւըլոցը միանալով մեղեդի մը կը կազմէին ու արձագանգ կու տային՝ լաւ ու բարեբեր տարուան մը արդիւնքը վայելելու յոյսով: Վերջապէս բնութեան զարթօնքը ուրախութեամբ, լաւատեսութեամբ ու յոյսով կ’ողողէր մարդոց սրտերը:
Սեւան Ա. Մանճիկեան