Ժողովրդավար Հայաստանի մէջ պետական այր մը ինչպէ՞ս կրնայ նախագահել ժողովուրդի քաղաքական տարբեր հայեացքները ներկայացնող պատգամաւորներով կազմուած Ազգային ժողովին՝ թքելով ժողովուրդի երեսին:
Քանի մը օր առաջ հայաստանեան մամուլէն իմացանք, որ հայրենադարձ մը թիկնապահներով շրջապատուած Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը տեսնելով իր քաղաքական դիրքորոշումը յայտնած ու «դաւաճան» կոչած է զինք:
Իսկ Սիմոնեան, պետական այր ըլլալով մէկտեղ, պահ մը անտեսելով Հայաստանի քաղաքացին նուաստացնելու Հայաստանի Սահմանադրութեամբ իսկ սահմանուած արգելքը, նախ թիկնապահներուն թելադրած է գետին փռել քաղաքացին, ապա մօտենալով անոր, առանց յարգելու իր զբաղեցուցած պաշտօնին լրջութիւնը, մեծ գոհունակութեամբ թքած է հայրենադարձ ու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դարձած հայորդիի դէմքին:
Պահ մը անհաւատալի թուեցաւ այս մօտեցումը: Եթէ քաղաքացիի մը սովորական պոռթկումին քաղաքակիրթ ու հաւասարակշռուած պատասխան տալու ի վիճակի չէք, պարո՛ն Սիմոնեան, միթէ՞ գիտէք, թէ ո՞ւր կ’առաջնորդէք քաղաքակրթութեան մէջ համբաւ նուաճած հայրենի մեր ժողովուրդը:
Դուք օրինակ պիտի դառնաք ձեր վարքով, ձեր պատասխանելու հմտութեամբ, բայց մանաւանդ  Հայաստանի քաղաքացիներու նման պոռթկումներուն խորքը հասկնալու եւ քաղաքակիրթ պատասխան տալու ձեր ճարտարութեամբ:
Իսկ ի՞նչ կ’ընէք դուք, դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդէք մեր հասարակութիւնը ձեր այս վերաբերմունքով:  Դէպի պառակտո՞ւմ…
Պաշտօն վարելը նախ եւ առաջ  պատասխանատուութիւն կը թելադրէ: Պատասխանատուութիւն երկրին, ժողովուրդին ու տարիներու ծանր ճիգերով ու պայքարով կերտուած մեր պետականութեան նկատմամբ:
Դուք թիկնապահներով ժողովուրդէ՞ն կը «պաշտպանուիք», իսկ քաղաքացին իր ազատ կարծիքը արտայայտելու համար ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուի ձեզմէ, ձեր թիկնապահներէն ու թուքէն՝ անձրեւանոցնե՞ր կրելով…
Ունկնդրեցինք նաեւ հայրենադարձ Կարէն Մկրտիչեանին զրոյցը mediahub portal-ի թղթակիցին հետ: Մկրտիչեան հաւասարակշռուած, առանց ատելութեան արտայայտութիւն դրսեւորելու, քաղաքակիրթ պատասխաններ տուաւ ու կրկնեց իր ազատ խօսքի իրաւունքը, իր կարծիքը:
Այս փոքր դէպքը մեծ բացի մը մասին կը խօսի սակայն: Հայաստանի պետական կարգ մը այրեր պատրաստ չեն լսելու իրենց հայեացքներէն տարբերող կարծիք ու ինչպէս կ’ըսեն՝ «թքած ունեն այդ կարծիքին վրայ»:
Հաղորդակցութեան այս մշակոյթը ո՛չ մեր ազգին յարիր է, ո՛չ ալ քաղաքակրթութեան պատկառելի ուղի նուաճած Հայաստանի պետականութեան:
Զարմինէ