Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Կիրակի 9 եւ 16 Ապրիլը Սուրիոյ տարածքին արձակուրդի օրեր յայտարարուեցան։

Արձակուրդէն զերծ կը կացուցուին պետական այն հաստատութիւնները, որոնց գործունէութեան բնոյթը կը պահանջէ շարունակել աշխատանքը։