Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի յանձնարարութեամբ, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամ այցելեց արեւելեան օրացոյցին հետեւող քրիստոնէական համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ անոնց փոխանցեց նախագահ Ասատին շնորհաւորանքները Ս. Յարութեան տօնին առիթով։