Դամասկոսի Ժողովուրդի Պալատէն ներս, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար իշխան Ֆայսալ պըն Ֆարհանը։ Կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն, արաբական եւ միջազգային քաղաքական հարցերու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ գործակցութեան շուրջ։

Պըն Ֆարհան նախագահ Ասատին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ ալ-Սէուտի եւ վարչապետ իշխան Մուհամմէտ պըն Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ ալ-Սէուտի ողջոյնները եւ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած խաղաղութեան եւ բարգաւաճման մաղթանքները։

Իր կարգին նախագահ Ասատ իր ողջոյնները փոխանցեց Թագաւորին, իշխանին եւ սէուտցի ժողովուրդին, շեշտելով, որ արաբներու եղբայրական կապը երկիրներու պաշտօնական կապերէն աւելի խորունկ արմատներ ունի։

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնը իր բնական իրավիճակին մէջ է, ինչ որ կը ծառայէ ոչ միայն երկու երկիրներու շահերուն, այլեւ արաբական եւ տարածաշրջանի երկիրներու շահերուն։ Ապա աւելցուց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնը պատմական է, յայտնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ որդեգրած իրատեսական եւ գործակցութիւնը խթանող քաղաքականութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ արաբական եւ տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ։
Նախագահը շեշտեց, որ արաբական եղբայրական զօրակցութիւնը կարեւոր է Սուրիոյ ժողովուրդին համար, զայն դուրս բերելու պատերազմի դառն հետեւանքներու ազդեցութենէն, ինչպէս նաեւ երկրէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու եւ սուրիական գրաւուած կարգ մը հողատարածքներ վերազատագրելու առումներով։

Իր կարգին նախարար իշխան պըն Ֆարհան յոյս յայտնեց, որ Սուրիա կը յաջողի շրջանցել պատերազմի հետեւանքները, շեշտելով իր երկրին զօրակցութիւնը Սուրիոյ պետութեան, ժողովուրդին, Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ տեղահանուածներու տունդարձին առնչուող քայլերուն։
Պըն Ֆարհան յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլի գործակցութեան վերնագիրը պիտի ըլլայ Սուրիոյ եւ արաբական եղբայր երկիրներու յարաբերութիւններու վերականգնում, եւ Սուրիոյ արաբական ու տարածաշրջանային մակարդակներով նախկին դիրքի վերականգնում։