Որքան որ ցնցուեր էի Օրհան Փամուքի գիրքը ձեռք առնելու համար, նոյնքան եւ շա՜տ աւելի խորունկ էր ցնցումս, երբ ձեռք առի 1911 թուականին լոյս տեսած «Մղձաւանջ» վէպը:

Գեղեցիկ, կաշեկազմ բայց մաշած գիրք մըն էր, բաւական հաստ, կարծես աւելի քան 500 էջ: Յետոյ տեսայ, որ այդ օրերու սովորութեան համաձայն,- կ’երեւի կազմելու գինը խնայելու մտահոգութեամբ,- ուրիշ երկու հատորներ եւս կազմուած են մէկ կողքի տակ՝ Յ. Գ. Մրմըրեանի  «Տասնեւիններորդ դար եւ Յովհաննէս Պրուսացի Տերոյենց» (1908) եւ «Կիկոյի Տարեցոյցը», որուն տիտղոսաթերթը կը պակսի. առաջինը 376 էջանի վէպ մը, երկրորդը՝ ուսումնասիրութիւն մը 253 էջերով եւ վերջինը՝ երգիծական տարեցոյց մը (238 էջ), որ քիչ մը խոտոր կը համեմատի առաջին երկուքին հետ:
Հեղինակին անունէն աւելի փոքրիկ յառաջաբանն էր, որ մղեց զիս ընթերցումի.
«Առաջաբան «Մղձաւանջ»-ի հայերէն հրատարակութեան»
Առանց մտածելու, կամ նայելու թէ բնագիրը ի՞նչ լեզուով գրուած է, անմիջապէս սկսայ յառաջաբանի ընթերցումին.
«Համիտեան ժամանակաշրջանը հայկական պատմութեան ամէնէն վշտագին շրջաններէն մէկն է վստահաբար, որովհետեւ հայերը այդ շրջանին ունեցած են բազմաթիւ մարտիրոսներ, եւ մենք՝ թուրքերս, կրկնապէս վշտահարուած ենք, բռնաւորին հրահանգով գործուած բոլոր ոճիրներուն համար»:
Ո՞վ է այս տողերուն հեղինակը, որ այսպէս ինքնավստահ կերպով կը խօսի բոլոր թուրքերուն անունով՝ «մենք՝ թուրքերս կրկնապէս վշտահարուած ենք …»:
Յետոյ՝ «Նախ՝ մենք հայերը չենք կրնար ուրիշ բան նկատել, բայց եթէ ոչ եղբայրներ. իրապէ՛ս, չափազանց սերտ խնամութիւն մը՝ լեզուի խնամութիւնը մեզ կը կապէ անոնց»:
Այս պարոնը գաղափար չէ՞ ունեցած հայերէն լեզուին մասին:
«Մարաջախտ Մօլթքէ, այն ամէնէն հանճարեղ ճամբորդը, որ բովանդակ մեր երկիրը պտըտած ըլլայ Մահմուտ Բ.-ի օրով, չէ՞ ըսած, թէ երկու տեսակ թուրքեր կան՝ իսլամ թուրքերը եւ քրիստոնեայ թուրքերը, այսինքն՝ հայերը»:
«Երկրորդ՝ Համիտի օրով հայերը ջարդուած են մեղսակցութիւնովը մարդոց, որոնք անարժանաբար կը կրէին թուրք անունը»:
«Ուրեմն համիտեան շրջանի կեանքէն այս վէպիս հայերէն թարգմանութիւնը կը ձօնեմ մեր հայ եղբայրներուն»:
Հեղինակ՝ Ճէլալ Նուրի: Հայերէնի թարգմանիչ՝ Ենովք Արմէն:
1911-ին գրուած են այս տողերը, անշուշտ 1894-1896-ի ջարդերուն ակնարկելով: Ի՞նչ պիտի գրէր արդեօք հեղինակը, եթէ 1915-ին կամ 1916-ին գրած ըլլար իր վէպը. ի՞նչ պիտի ըսէր, զո՞վ որպէս պատասխանատու պիտի ներկայացնէր. «խելագար, մենագար բռնատէր» Ապտուլ Համիտն ալ չկար Ջարդի օրերուն:
Ո՞վ է սակայն «Մղձաւանջ»-ին հեղինակը՝ Ճէլալ Նուրի:
Կրկին երկու հակոտնեայ ապրումներ կը փոթորկեն ներաշխարհս եւ կ’արգիլեն, որ հանդարտ միտքով կարդամ եւ հասկնամ կարդացածս:
Եւ կը բնովեմ ինքզինքս եւ ինծի հետ մեզ բոլորս, որ չճանչցանք մեր թշնամին, ճիգ չթափեցինք հասկնալու անոր ձեւերն ու խաղցած քաղաքականութիւնը, եւ գոհացանք դիւրին ճամբան ընտրելով՝ զինք ատելով: Բայց ատելութիւնը կը փակէ բոլոր ճամբաները տրամաբանութեան եւ հասկացողութեան: Փակուեցանք մեր ատելութեան մէջ, շարունակեցինք չհասկնալ թուրք կոչուած երեւոյթը եւ այսօր, ահա՛, կ’իյնանք մեր իսկ ստեղծած ծուղակին մէջ. մենք չէ, իրենք, հայաստանցի մեր եղբայրները,- մենք առաջին ձեռքէ, փոձառութեամբ գիտենք անոր ի՛նչ ըլլալը, որ մեզի՝ սփիւռքահայերուս արիւնով փոխանցուած է,- իրենք դարձեալ հաւատք կ’ընծայեն խոստումներու, որոնք բառ են միայն, մինչ պատմութիւնը փորձ է, փորձառութիւն է, մեր ճամբան լուսաւորող փարոս է:
Կը տեսնէ՞ք, նոյնիսկ այս «մենք-իրենք»-ի կեցուածքը մեր ստեղծած ծուղակն է, առանց որուն, եւ հայու մեր բնածին ուշիմութեամբ, կրնայինք մեր երկիրը, հակառակ իր փոքր տարածքին եւ բնակչութեան փոքր թիւին, կրնայինք կարեւոր դեր ունեցող երկիր մը դարձնել, պարտադրել մենք զմեզ եւ ապահովել մեր … խաղաղութիւնը:
Վերադառնամ Ճէլալ Նուրիին, որովհետեւ պէ՛տք է իմանանք, որ նման բաներ գրող թուրքեր ալ եղեր են:
Իր մասին շատ հակիրճ են տեղեկութիւնները համացանցին մէջ. ծնած է Կալիփոլի եւ մահացած Իսթանպուլ (1881-1938). Թիւերու մոգ մը օձապտոյտ այս երեք 8-երուն գոյութիւնը իր կեանքն ու մահը սահմանող թիւերուն մէջ ցուցանիշ մը պիտի համարէր իր ճապուկ խառնուածքին, որ մինչեւ Աթաթուրքին խորհրդատուի պաշտօնին կրցած է հասնիլ:
Մօրենական մեծ հայրը՝ ալպանացի մը, եղած է Ատանայի կառավարիչը … Զարմանալի երեւոյթ՝ մեծ հայրը՝ Ատանայի կառավարիչ, ջարդերը՝ Ատանայի մէջ, ինք՝ հեղինակ «Մղձաւանջ»-ի յառաջաբանին. անհեթեթ չի՞ հնչեր …
1910-1926 տարիներուն 23 գիրքեր հեղինակելէ ետք, կը դադրի գրելէ, մինչեւ իր մահը:
Եթէ սեպենք որ անկեղծ են իր «Առաջաբան»-ին խօսքերը  (բայց ի՞նչ անկեղծութիւն քաղաքականութեան մէջ), ստիպուած ենք նաեւ մտածել՝ սակայն ինչո՞ւ լուռ մնաց 1915-ի տեղահանութեան եւ ջարդերուն ի տես. նուա՞զ բիրտ էին անոնք, քան՝ Ատանայի ջարդը:
Իսկ եթէ նկատի առնենք իր գրական լռութիւնը, թերեւս մտածենք, որ մարդը, որպէս պարկեշտ մտաւորական, ա՛լ չէր կրնար կեղծել իր համոզումները, որովհետեւ ա՛յդ կը պահանջուէր իրմէ: Նախընտրեց լռել:
Բոլոր պարագաներուն ալ՝ Ճէլալ Նուրի թուրք մըն է, այն հազուագիւտ թուրքերէն, որոնք ջարդերուն ընթացքին իրենց կարողութեան չափով օգնեցին հայերուն, իրենց տուներուն մէջ պահեցին զանոնք եւ այլն: Նուրի նաեւ մտաւորական մըն էր: Ինչպէ՞ս լռեց «իր եղբայրներէն» մտաւորական հայերուն ահաւոր մահերուն ի տես: Բայց Թուրքիան երկիր մըն է, ուր համոզումները պահելու համար պէտք է պատրաստ ըլլալ մահուան: Նուրի պատրաստ չէր կ’երեւի:
Վէպին բնագիրը այլ յառաջաբան ունի անշուշտ՝ խօսք մը ուղղուած «Էքրէմ Պէյին՝ Ծերակուտական, նախկին նախարար»-ին, որմէ կը հասկնանք թէ այս պէյը իր թելադրութիւնները ըրած է հեղինակին, իսկ հեղինակը իր վէպը ձօնած է «մեր դպրութեան հանրապետութեան նախագահին»:
««Մղձաւանջ»-ով ես ուզած եմ մեր զարգացած հասարակութեան ներկայացնել ճշմարիտ նկարագիրը, ճշմարիտ դիմագծութիւնը մեծ եւ չարաշուք, հանճարեղ եւ յիմար մարդու մը, որ 19-րդ դարուն ընթացքին եւ 20-րդ դարուն սկիզբը, հին եւ միջին դարերու դասական միապետներուն ձեւովը կրցաւ կառավարել միանգամայն եւրոպական եւ ասիական կայսրութիւն մը»:
Այս խօսքերով քաղաքական գործիչ Նուրին Ատանայի ջարդերուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ իր ցեղին վրայէն եւ կը դնէ մէկ մարդու ուսերուն … այդպիսով լուծելով հարցը ապագային գալիք դատապարտումներուն, որոնք այնքան ուշ եկան եւ այնքան ամուլ ձեւով եկան, որ այսօր եւս կը շարունակուին, անցնելով Կիպրոսի զաւթումէն:
Ո՞վ առաջարկեր է այս վէպը թարգմանել, որովհետեւ թարգմանութեան յառաջաբանն ու բնագրին յառաջաբանը այնքան տարբեր բաներ կ’ըսեն, եթէ ուշադիր կարդանք տողատակերը: Եւ կրկին մենք զմեզ կը գըտնենք թրքական «փոլիթիքա»-ին առջեւ:
Կարելի չէ՞ արդեօք ուսումնասիրել թրքական «փոլիթիքա»-ն (թէեւ շատ ուշ ենք) եւ ըստ այդ վերաբերիլ: Մտածելու բան է, մանաւանդ այս օրերուն:
Մարուշ Երամեան