Քանի մը տարիներ առաջ, երբ սկսաւ հարց դառնալ թէ ո՞ր տարիքին պէտք է սկսիլ Ցեղասպանութեան ուսուցումը դպրոցներէ ներս, անմիջապէս մտածեցի՝ բայց մեզի ե՞րբ պատմուած է Ցեղասպանութեան մասին …
Չէի յիշեր. չէի յիշեր ո՛չ թէ այդ պատումները, այլ թէ ճիշդ ե՛րբ է որ իմ եւ ընկերներուս գիտակցութեան մէջ յստակացաւ Ցեղասպանութիւն եզրը:
Երբ փոքր էինք, Հալէպի գրեթէ բոլոր տղաքը այս կամ այն ակումբին անդամ էին, Կիրակնօրեայ կ’երթային կամ սկաուտական շարժումի կը մասնակցէին. ամէն Ապրիլ 23-ի գիշերը հսկում կ’ըլլար. բոլորս կ’երթայինք. սկիզբը հաճելի էր՝ ընկերներով, մոմերով, գիշերուան ցուրտին իրարու կծկուած, կէս ականջով մտիկ ընելով խօսուած խօսքերը … Անդրադարձը եկաւ աւելի ուշ:
Անոնք որոնք ունեցած են Ջարդէն վերապրած մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր, կրնան հաստատել թէ այդ մեծերը երբե՛ք չեն խօսած-պատմած իրենց ապրած տառապանքին մասին. ի՜նչ պատմելու նիւթ էր որ …
Յետոյ, տարիներ ետք, լաւ կը յիշեմ թէ ինչպէս Միհրան Մինասեանը կ’երթար Հալէպի մէջ տակաւին ապրող ծերերուն, կը խնդրէր որ պատմեն իրենց յիշածները եւ ձայնագիր մեքենային վրայ կ’արձանագրէր: Իր նման մէկ-երկու ուրիշներ ալ կային:
Նոյնը կը վկայէ ամերիկահայ նշանաւոր բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան,- որուն մեծ հօրեղբայրը Գրիգորիս Եպս. Պալաքեանը եղած է հեղինակը նշանաւոր երկհատորեակին՝ «Հայ Գողգոթան»-ին,- որ իր մէկ հարցազրոյցին մէջ կ’ըսէ, թէ ինք ոչ թէ իր մեծ մօրմէն լսեր է Ցեղասպանութեան մասին, այլ … հանրային գրադարանին դարակները պրպտելով:
Ցեղասպանութեան գիտակցութիւնը կաթիլ-կաթիլ իջաւ մեր մէջ, իւրքանչիւր կաթիլին հետ աւելի խոր սպիներ ձգելով. գիշերները քունս կը փախցնէի, որովհետեւ կը փորձէի պատկերացնել այն, ինչ որ ապրած էին մերինները Ջարդի ընթացքին, բայց անշուշտ չէի կրնար, մանկական երեւակայութիւնս իրապէ՛ս չէր բաւեր, մանաւանդ որ այդ բոլոր պատումները խոտոր կը համեմատէին մեր մանկութեան հեքիաթներուն հետ: Ուրեմն սո՞ւտ էին մեզի պատմուած հեքիաթները, ա՞յս էր իրաւը, սպանութեան եւ արիւնի այս անհատնում պատմութիւննե՞րն էին ճիշդը …
Այդպէս էր որ մեր մանկութեան կարեւոր մէկ մասը դարձան Ապրիլ 24-ի նախորդ գիշերուան հսկումները, առաւօտեան հոգեհանգստեան պատարագները եւ նոյն գիշերուան երեք կուսակցութիւններուն եւ երեք յարանուանութեանց միատեղ ձեռնարկները:
Քանի մը օր առաջ Գահիրէի ակումբներէն մէկուն երիտասարդ պատասխանատուները ունեցեր էին գաղափարը հաւաքելու պատանիները եւ անոնց խօսելու Ջարդին մասին: Դպրոցին մէջ անշո՛ւշտ որ կարեւոր արարողութիւն մըն է Ծիծեռնակաբերդի փոքրիկ մանրակերտին առջեւ պահ մը լուռ կենալն ու ապա իւրաքանչիւր աշակերտի խոնարհումը եւ ծաղիկ դնելը: Ակումբին մէջ, իրենց ըսուած էր, որ պատմեն ինչ որ գիտեն իրենց մեծ-մեծ հայրերուն եւ մեծ-մեծ մայրերուն մասին, թէ ի՛նչպէս եւ ի՛նչ ճամբաներով այս քաղաքը/երկիրը հասեր են:
Հեռուն նստած կը հետեւէի: Խանդավառ էին այդ տասնեակ մը պատանիները, եւ անգլերէնախառն հայերէնով կը պատմէին իրենց լսածներն ու հասկցածները: Բայց անոնք շա՜տ հեռացեր էին այդ բոլորէն. Ջարդը այլեւս պարզապէս պատմութիւն էր  իրենց համար, քիչ մը տխուր եւ հաւանաբար շատ անհասկնալի պատմութիւն:
Բնական է որ այսպէս պիտի ըլլար, կը մտածեմ, ի վերջոյ անոնք Ջարդէն ետքի հինգերորդ սերունդն են արդէն: Թէ՞ մենք է որ թերացանք, չկըրցանք իրենց փոխանցել ամբողջ ահագնութիւնը Ջարդին: Պիտի ուզէի՞նք սակայն, որ նոյն ահաւորութեամբ Ջարդին գիտակցութիւնը շարունակէր ապրիլ մեր նոր սերունդին մէջ, թէ՞ պէտք էր տարբեր մօտեցում մը ցուցաբերէինք այս այնքա՜ն ծանր հարցին, որ մեզի համար արդէն շատ վաղուց դադրած է «հարց» ըլլալէ եւ դարձած էութենական … բարդոյթ եւ վերապրումի միջոց միաժամանակ, բարդ խառնուրդ մը բարկութեան, ցասումի եւ շատ յաճախ՝ անզօրութեան:
Միտքս կը վարգէ ահաւոր արագութեամբ, մինչ տրամաբանութիւնս կը սանձէ գրիչս՝ «Ամէն բան չես կրնար ըսել-գրել», կը սաստէ:
Ո՛չ դիւանագէտ եմ, ոչ ալ պատմագէտ. հայ անհատ մըն եմ, որ քիչ մը մտածել կը սիրէ եւ ի տես մեր նոր շրջանի պատմութեան, չի կրնար չմտածել՝ կարելի՞ է այսքան խելացի ըլլալ, միաժամանակ՝ այսքան յիմար …
Ա. 1915-ը սպասելի էր, թէեւ չկրցանք տեսնել գալիքը, հակառակ անոր որ փորձառութիւնը ունէինք 1894-896-ի ջարդերուն:
Բ. Ճիշդ է որ Սովետ Միութեան մաս կազմելով կորսնցուցեր էինք շատ բան մեր ազգային արժանապատուութենէն. բայց ազերիները նոյն կազմին մէջ ըլլալով, ինչպէ՞ս կրցեր էին ոչ միայն «եոլա» երթալ ռեժիմին հետ, այլ հասնիլ իրենց ուզածներուն. մեզմէ աւելի՞ խելացի է մարդոց այդ խումբը, որ տակաւին ազգ ըլլալու իսկ բարձրացած չէ. չեմ կարծեր. Ի՞նչ է ուրեմն որ իրենք ունին, իսկ մենք՝ ոչ:
Գ. Ճիշդ է որ այս եւ նման հաւաքներն ու ոգեկոչումները կը միտին մեր նոր սերունդը կոփել, թրծել ազգայինին տէր կանգնելու ծանր աշխատանքին մէջ: Ասոր կողքին սակայն երբեք մտահան ընելու չէ մեր տանելիք աշխատանքը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ուր մեր ազգին մէկ թեւն է միայն, որ բուռն աշխատանք կը տանի:
Դ. Գոնէ 58 տարիներէ ի վեր (1965-էն, Եղեռնի 50-ամեակէն) Ապրիլ 24 կը տօնենք այն բոլոր երկիրներուն եւ քաղաքներուն մէջ, ուր կանք: Սակայն կը տօնենք ընդհանրապէս մենք մեզի, մեր եկեղեցի-ակումբ-դպրոցներէն ներս, ոչ իսկ մէկ օտար ներկայ կ’ըլլայ մեր այդ սգահանդէսներուն: Ճառեր կը խօսուին, երգեր կ’երգուին, ասմունքներ կ’ըլլան… Արդի՞ւնքը:
Ե. Վերջին քանի մը տասնամեակներուն մեծ ջանքերով կրցանք ապահովել աշխարհի 195 երկիրներէն գոնէ 33-ին (1/6-րդ) ճանաչումը Մեծ Եղեռնին. վերջինը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն էր, որմէ առաջ այլ մեծ պետութիւններ՝ Գերմանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Գանատա, Պրազիլ եւ այլն: Այս երկիրներուն ճանաչումը ի՞նչ դրական արդիւնք ունեցաւ մեզի համար, անոնք կրցա՞ն իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել Թուրքիոյ վրայ եւ ստիպել որ նախ ընդունի, ապա հատուցէ իր ըրածներուն համար: Ո՛չ: Հետեւաբար՝ պէտք չէ՞ գործելու մեր ուղին վերատեսութեան ենթարկենք, նոր միջոցներ խորհինք, որպէսզի ճանաչումը ձայն բարբառոյ յանապատի չմնայ:
Զ. Կրնայինք թերեւս միանալ այն երկիրներուն, որոնք թէեւ ոչ մեզի չափ, բայց իրենք եւս տուժած են Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ կատարած անարդար եւ գազանային արարքներէն, ինչպէս յոյներուն, ասորիներուն, քիւրտերուն, նոյնիսկ կիպրացիներուն, որոնք վերջընթեր զոհերն են (տակաւին) Թուրքիոյ: Վերջինը Արցախն է, բայց աշխարհը իր Ուքրանիայով տարուած, չ’ուզեր այս կողմ իսկ նայիլ: Ուշ չէ սակայն, տակաւին կրնանք միանալ եւ զօրեղ ճակատ մը կազմել Թուրքիոյ դէմ, այնքան, որ մեծ տէրութիւնները ստիպուած ըլլան նկատի առնել ո՛չ թէ հայերուն Ցեղասպանութիւնը, այլ՝ Թուրքիոյ անընդհատ շարունակուող թշնամանքը շուրջի երկիրներուն, շարունակուող յարձակումները, բռնագրաւումները, իր արարքներուն հերքումները  եւ այլն:
Է. Ամէնէն ծանր կացութիւնը սակայն այն է, որ ինծի կը թուի թէ դէպքերը շատ արագ կը թաւալին. թերեւս ուշ ենք, թերեւս առիթ չունենանք ծրագրելու, կազմակերպելու մենք զմեզ: Այդ պարագային ի՞նչ պիտի ընենք, կամ ի՞նչ պիտի ըլլանք, մտածե՞ր ենք:
Ը. Եւ ի վերջոյ՝ պէ՞տք է ընդունինք, որ այս բոլորը մեր հասողութենէն շա՜տ անդին են եւ թէ մենք շա՜տ փոքր, աննշան գործօն մըն ենք միջազգային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ:
ԲԱՅՑ
Մի՛շտ այսպէս եղեր ենք, մեր պատմութիւնը վկայ, եղեր ենք դաւաճան, իրարու միս ուտող, զիրար մատնող, իրարու հանդէպ անհանդուրժող, օտարին առջեւ քծնող …
Եւ հակառակ մեր այսպէս ըլլալուն, կը շարունակենք ապրիլ չորս հազար տարիէ ի վեր: Փոքր երեւոյթ չէ, աննշան իրականութիւն չէ ասիկա:
Ուրեմն ինչո՞ւ կը տագնապիմ:
Ա՛յս ալ պիտի անցնի եւ մենք պիտի շարունակենք ապրիլ:
Ապրիլ ճնշուած, ապրիլ օտարին ենթակայ նոյնիսկ երբ անկախ պետութիւն ունինք, ապրիլ որպէս սփիւռքահայ կամ գաղթական, ապրիլ անկայուն հոգեվիճակով, մոռցած լեզուն, մոռցած պատմութիւնը …
Գիտեմ նաեւ, որ հակառակ մեր բոլոր թերութիւններուն, Ջարդի՛ն պատճառը գոնէ մենք չէինք, այլ գլխագիր Թուրքը, որուն մասին մոռնանք մեր վկայութիւնները եւ յիշենք միջազգային մեծ անուններէն մէկ քանին, ինչպէս օրինակ Շէյքսփիր (որ Ջարդէն շատ առաջ է թէեւ, բայց գրեր է թուրքի կերպարին մասին), Ամերիկայի Թուրքիոյ դեսպան Մորկընթաու կամ Վիքթոր Հիւկօն իր նշանաւոր խօսքով.
«Ուր որ աւերածութիւն, մահ եւ բրտութիւն տեսնէք, գիտցէ՛ք որ թուրքը անցած է հոնկէ»:
Այսօր կ’ուզեմ կենալ այս հարցադրումներուն առջեւ, մոռնալ ողբը, բաց աչքերով դիտել կացութիւնը, մոռնալ իմ բոլոր յատկանիշերը, որոնք զիս, որպէս հայ կը դարձնեն շատ աւելին քան սոսկական մարդը շատ մը ցեղերու, լարել էութիւնս եւ միջոցներ փնտռել: Կա՞ն ուրիշներ եւս:
Մարուշ Երամեան