1976-ԻՆ Հայաստանի Գրողներու Միութեան եօթերորդ համագումարն էր։ Լիբանանէն մէկական գրող հրաւիրուած էր երեք սերունդներէն– Անդրանիկ Ծառուկեան, Պեպօ Սիմոնեան եւ ես։ Պատասխանեցի թէ երբ երկիրս պատերազմի մէջ թաթխուած, հայ համայնքը վտանգի մէջ է, ես ինքզինքիս իրաւունք չեմ տար գրականութեան մասին բարբառելու։

Յաջորդ տարի Վահագն Դաւթեանը լուր ղրկեց , «Հիմա մէջտեղերը հանդարտած է, եկուր որ այստեղ հատընտիր մը հրատարակենք քեզմէ։»
Լիբանանի դեսպանատունը փակ էր, վիզա ձեռք ձգել կարելի չէր։ «Դուն Սուրիա գնա այնտեղէն կը ստանաս. հրաւիրագիրդ մենք կը ղրկենք դեսպանատուն։»

Հասայ Հալէպ։ Մօրս մտերիմ ընկերուհին ջերմագին ընդունեց զիս։ Յաջորդ օր հարցուցի դեսպանատան, հրաւիրագիր չկար։ Հեռաձայնեցի Երեւան։ «Կուգա՜յ, քիչ մը ժամանակ կ՚առնէ»։ Այդ ժամանակն ալ իր ժամանակը առաւ, օրերը իրարու վրայ բարդուեցան։ Մինչ այդ Լիբանանի ահուդողէն ելլես եւ լուսաջերմ Հալէպի աղմուկն ու կենսուրախ իրարանցումը տեսնես՝ ուզես-չուզես կը վարակուիս։ Այնքան ջերմութիւն, իսկական բարեկամութիւն, խորք ու պարզութիւն կար իրենց յարաբերութիւններուն մէջ. չեմ կրնար ըսել թէ տրտմահար նստած էի։ Շատ լաւ բարեկամներ կային, օրերս դատարկ չանցան, բայց հարցը կախուած մնաց։ Վիզային անթացուպ տուէք, ըսի, յայտնի է որ կը կաղայ։

Մինչ այդ՝ բան մը պատահեցաւ. չպատմել չըլլար։ Հիւրընկալուհիս քանի մը օրով Լաթաքիա պիտի երթար, խնդրեց որ իր ամուսինին ճաշը ես պատրաստեմ։ Միտքս մուճատտարայի վրայ կեդրոնացաւ, մանաւանդ որ պարոն Նուպարը ըսաւ թէ շա՜տ կը սիրէ։ Ուրեմն խոշոր կաթսայի մը մէջ, իմ գիտցած բաղադրատոմսովս պատրաստեցի, (մենք բազմանդամ ընտանիք ենք, թուաբանութիւն պիտի չընեմ հիմա)։ Անոր կէսին չափ ալ սոխ տապկեցի. սոխը եթէ կրակէն տաքնայ ու տաքնայ անուշ բնաւորութիւն կ՚ունենայ։ Սոխութիւնը կը մոռնայ. ո՞վ չի գնահատեր բարեփոխում։

Գաղտնիքս գործադրեցի եւ ահաւասիկ հսկայ կաթսայ մը լեցուն մուճատտարա, ոսպերը փալփլուն աչուկներ, բրինձները փըրըլ-փըրըլ սպիտակ։ Պարոն Նուպարը շատ հաւնեցաւ (կը խուսափիմ մականուն տալէ, չեմ գիտեր ինչու։ Ամէնքն ալ մահացած են. եւ մանաւանդ փափկանկատ, հիանալի ընտանիք էին)։

Առաջին օրը պարոն Նուպար գովասանքով համտեսեց ճաշը եւ սալատը։ Գիշերը՝ ճաշը եւ թանը։ Առտուն՝ Ճաշը փոքր պնակի մէջ, զաաթարով հաց լոլիկ-մոլիկ։ Կէսօր եղաւ հասաւ Ճաշը, երկար վարունգներով։ Իրիկունը Ճաշը եւ թուզ։ Յաջորդ առտու ձիթապտուղ փնտռեցի չգտայ – այնքան կոկիկ ու կարգապահ էր տիկինը։ Անկիւն մը գաղտուկ կկզած ըլլալու էր՝ չտեսայ։ Լէպնի գտայ. ուրեմն երկու դգալ Ճաշ (անպայման), չորս դգալ լէպնի ձէթով, կարմիր պղպեղով, անանուխով։ Բարեկամներ խոռոված շինած էին, ըսի որ քիչ մը կ՚ուզեմ տանիլ հիւրընկալիս։ Կէսօրին խոռովածը հասաւ, աներես Ճաշը հետը։ Պարոն Նուպար չհարցուց անգամ թէ ուրկէ հասած է խոռովածը։ Մինչ այդ ես դիմացը նստած լեռնէն ձորէն կը պատմեմ ու կը պատմեմ, որպէսզի միտքը չկեդրոնանայ առյաւէտ յայտնուող Ճաշին վրայ։ Գիշեր եկաւ ի՞նչ եղաւ – նազլու-տուզլը Ճաշը հասաւ, ընկերակցութեամբ խնձորի մը ։ «Սննդարար է» շեշտեցի։ Վեց զաւակ ունեցող մարդուն բացատրեցի թէ օրական խնձոր մը բժիշկը տունէն հեռու կը պահէ։ Փառք Աստուծոյ, ամէն բանի բացատրութիւն ունէի, որ միայն ինծի կը ծառայէր։

Տիկին Զմրուխտը վերադարձաւ. « քա՛ աղջիկ, հերիֆիս երեք օր նոյն ճաշը կերցուցեր ես։»
«է, ինքը ըսաւ որ շատ կը սիրէ։ Դեռ քիչ մը կայ, եթէ կ՚ուզես համին նայիլ» շարունակեցի, իբրեւ թէ չեմ հասկնար ըսել ուզածը։
Բայց ինք ըսելիքը ըսա՛ւ. «մամադ ինչ հիւներլի է, ինչե՜ր կը շինէ, մսեղէնը, բանջարեղէնը, անուշեղէնը. Ամմմէն ինչ համով։ Մատներդ հետը կ՚ուտես։»
«Ես ալ կը շինեմ տոլմա սարմա պէօրէկ մանթը. այստեղի շուկաները չեմ գիտէր։»
«Ըսէիր սպասուհիին, կը բերէր։»
«Այդքան հեռուները չգացի։ Ամառ է, հոս ամէն մարդ պատշգամները անկողիննին կը փռեն կը պառկին կոր, տաք ճաշը ի՛նչ պիտի ընեն»։
«Զաւալլը մարդուս ես երեսունութ տարիէ՝ երկու օր իսկ ետեւ-ետեւի նոյն ճաշը չեմ տուած»։
«Ի՜նչ բախտաւոր է ամուսինդ։ Աշխարհի մէջ ամէն օր միլիոնաւոր մարդիկ, պզտիկներ անօթի կը պառկին, կտոր մր հաց չունին. Անո՛նք են զաւալլըն։ »
«Ոսպը գիտե՞ս ինչ երկաթ կը պարունակէ, բրինձն ալ՝ պողպատ» պիտի ըսէի ես՝ ոսպասէրս, բայց բերանս կղպեցի։ Մանաւանդ որ գաղտնիք մը ունէի, ինծի յատկացուած սենեակին մէջ Ատրինէ Տատրեանին «Չորրորդ մը կը փնտռուի» վէպը գտած՝ գիշեր ցերեկ կը կարդայի երբ ձեռքերուս մէջ մուճատտարայի պնակ յայտնուելու ժամանակը հասած չէր։

Սա հրաւիրագիր-վիզան ո՞ւր մնաց։ Հաւատալով որ պիտի ներկայանայ՝ Լիբանանէն դուրս ելայ։ Վիզային անունը կար ինքը չկար. Ղրկուած է հասած չէ։ Ճամբա՞ն կորսնցուց արդեօք, անթիք համարուեցաւ գողցուեցա՞ւ, պոյֆրէնտ մը գտաւ հե՞տը գնաց , լրտեսութիւն ընե՞լը բռնեց, թէ ոչ՝ առաքելութիւնը մէկդի դրած՝ նախ քիչ մը ուրիշ երկիրներ պտըտիմ մտածեց։ Ինքզինքին հանգամանգ տուաւ. «Հետաքրքրական է կեանքս. բոլոր օդակայաններու բոլոր պաշտօնեաները երբեմն կը կասկածին ինձմէ։ Մէյ մը ինծի կը նային, մէյ մը՝ տիրոջս դէմքին։ Կը հարցաքննեն զայն, զիս կրնան անվաւեր հռչակել։ Հիմակուանը քսանութ տարեկան կին մըն է եղեր, որ Հայաստան պիտի երթայ։ Բայց ուրիշ ճամբով պիտի երթայ ես միշտ պէտք եմ իրեն։ Պատերազմ է բան մը բնականոն չընթանար. Ինծի՝ հայտէ գնա կ՚ըսեն, չե՜մ երթար. հասնելու ժամս ե՛ս կ՚որոշեմ»։
Եթէ հրաւիրագիրը ճամբայ ելեր է ինչո՞ւ չէ հասած մէկ ամիսէ։ Վիզաս վիզը ծռած՝ անկիւն մը կկզած է կ՚երեւի։ է։ Ճիշդը կ՚ուզե՞ս – տեղ մը, մէկը պատասխանատուութեան գիտակցութիւն չունի։

Նոյն գիշեր ժամը իննին դուռը զարնուեցաւ, բացինք։ Մուգ քոսթիւնով ճերմակ փողկապով մարդ մը « լսեցի թէ վեհանոյշը հոս է» ըսաւ։ Նայեցայ որ մեկենա՜սս է – Պրն Արմէնակ Օհանեանը։ Երբ լսեր է որ վիզայի դժուարութիւն ունիմ, մինչեւ Հալէպ եկեր է որ զիս տանի Դամասկոս եւ անմիջապէս վիզաս ապահովէ։
Առտու կանուխ ժամը հինգին ճամբայ ելանք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պարոն Օհանեանը եւ վիզայազուրկ-վիզայատենչ Վեհանոյշը։
Ճամբան տուն մը իջանք որուն պատշգամը աջ կողմին վրայ երկարած ու երկարած էր։ Վարդաթիթեռ շղարշներով անուշիկ ժպիտով տանտիրուհին (որուն Էօժենի անունը կը վայելցնեմ հիմա) ֆուլ հրամցուց մեզի առտուան եօթնուկէսին։

Դամասկոսի հրապարակն ենք։ Պատկառելի դեսպանատուն մը չէր. Պրն. Օհանեանը «հոս սպասէ» ըսաւ ինծի երկու աթոռով սպասասրահին մէջ։ Ինք մէկ դուռէն մտաւ, քառորդ ժամ չանցած միւս դուռէն ելաւ, վիզաս ձեռքը։ Բացատրեց թէ տեղւոյն հիւպատոսներու տիկիններուն զարդեղէնները ինք կը հայթայթէր։ գոհարավաճառատուն ունէր քաղաքին ճիշդ կեդրոնը։ Հիւպատոսները, դեսպանները իր մէկ խօսքը երկու չէին ընէր։
Երկու օր պէտք է մնայի որովհետեւ առանձին ճամբորդութիւնը խոհեմութիւն չէր։

Հիմա պրն. Օհանեան ստանձնեց ուրիշ պատասխանատուութիւն մը – ազնուագոյն հոգի ունէր, քաղաքավարութիւնը հետը ծնած էր։ Երբ լսեց թէ տապկուած գորտ կը սիրեմ, Պարատա գետին գորտերը էն համովն են ըսաւ, քշեցինք Պարատա։ Իսկապէս, գորտասէրներուն կը յանձնարարեմ Պարատայի պարարտ գորտերը։
Ընթրիքի պահուն կը պնդէր որ մսեղէն պատուիրեմ։ Չէ, ի՛նք կը պատուիրէր. «Դուն Երեւան պիտի երթաս, միս պէտք է ուտես, պէտք է զօրանաս։» Երկու օր գորտ-կով-ոչխար-հաւ։ Հայաստանը՝ հոն, շրջուն շտեմարանը՝ հոս։

Աստուած լոյսերու մէջ պահէ իր հոգին։ Այսպիսի հաւատաւորներ ինչպիսի՜ խնամք կը տանէին գրականութեան սեմէն նոր ներս մտնողնեուն։ Մենք յոյսն էինք, իրենց լոյսը՝ յոյսը պայծառացնող։ Պատերազմ էր, վախ ու կորուստ էր։ Հոգիները մռայլ էին, բայց ցեղակիցի մը հոգածութիւնը հոգին պայծառ կը պահէր։ Երկինքը վճիտ։ Օրը դիւրաբեկ, կեանքը դիմացկուն։

Էյ Հալէպ, Հալէ՜պ։ Արեւելեան հող ու աւազ, գաղթ ու երազ։ Կարմիր լուրեր, կապոյտ ուխտ ու կանաչ խոստում։ Ձեռներեց ու ժրաջան գաղթականներ ոգի ի բռին, անապատը վերածեցին երկիրի։ Սրբալոյս եկեղեցիներով ու վարժարաններով, տնօրէններով եւ ուսուցիչներով, ակումբներով ու միութիւններով՝, դարմանատուներով, մամուլով ու արուեստի ոլորտներով, արուեստանոցներով ու արհեստանոցներով։ Սուրիոյ քաղաքական ու մշակութային խաւերէն ներս իրենց ներդրումը կատարող հայեր քաղաքագէտ-տնտեսագէտ-մասնագէտ։ Արհեստանոցներու ամբողջ ցանց մը։ Հայ ենք, պատուաւոր ենք, պատիւ կը բերենք։

Բերիոյ գաղութ։ Տեղահանուած ու վիրաւոր կեանքին վա՛յր ու կազդոյր տուիր։ Բարիքներ ունէիր անծայր ու ինքնակալ արեւ։ Ինքնակամ հողդ այնքան անսասան, սէրդ հալալ, կեանքդ ղուրպան, քեզի ի՞նչ պատահեցաւ։
Գիտեմ հեռուներէն կախարդը եկաւ։ Պատռեց ճեղքեց պատրուակներ հնարեց, խաղաղ ու բարգաւաճ գաղութը տարտղնեց։ Վերջերս ուրիշ վհուկ մը հասաւ ահադղիրդ. Ահագնագոռգոռ ցուպը զարկաւ գետինը ճեղքեց։ Նորէն փլատակ տեսանք։ Նորէն ոտքի ելանք պարտասուն ու մտատանջ, հրաբորբոք, հրաբողոք։
Չէ՜, այլեւս ըսելու է դարբիններուն որ պատրաստեն երկաթէ շերեփներ. Հարիսա ուտելէն վազ անցանք. ժամանակ չկայ։ Երկաթէ շերեփներ պէտք է ճօճենք։

Հոս չաւարտիր պատմութիւնը։ Դեռ պիտի պատմեմ թէ ինչպէս երեք հոգի, անվեհեր, հասանք Երեւան։
Սակայն Մնաք Բարի չըսած՝ հարցում ունիմ.-
Դեռ պատշգամները անկողիններ կը փռուի՞ն։ Սմբուկը, աճուրը, դդումը, պիպեռը, պամիան պարանին վրայ շարուած կը սպասե՞ն արեւու լոգանքին, ձմրան շոգիին։ Եւ վերջին հարցումս՝ դեռ մուճատտարա կը շինուի՞։

Վեհանոյշ Թեքեան
Ապրիլ 2023