Կիրակի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Ազգ. գերեզմանատուն տեղի ունեցած ջահերով երթի աւարտին, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։

Ներկաները նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։

Հայերէն բացման խօսքով Մարմանդ Աշոտեան-Շահինեան ըսաւ. «Ընդունուած իրականութիւն է, որ այն ժողովուրդները, որոնք չունին ազգային ինքնագիտակցութեան բարձր ըմբռնում, դատապարտուած են ձուլման եւ մոռացութեան։ Մենք՝ հայերս, վերջին 150 տարիներու ընթացքին այնքան արիւն ու ջարդ տեսանք, այնքան կրակներու ճամբաներով անցանք, որ իրաւունք չունինք թիզ մ՚անգամ ետքայլ կատարելու մեր պահանջատիրութեան ուղիէն»:

Արաբերէն բացման խօսքով Յարութ Սունպուլեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը իրագործելով Օսմանեան Կայսրութեան պարագլուխները կը միտէին հայրենազուրկ ու բնաջինջ ընել ողջ ազգ մը։ Սուրիա ապաստանած հայութիւնը, սակայն, գրկաբաց ընդունուեցաւ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին կողմէ։ Սուրիական հայրենիքին մէջ ան կարելիութիւն եւ առիթ ունեցաւ պահպանելու իր ինքնութիւնը, եւ ինչպէս նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ըսաւ. «Սուրիահայութիւնը, պահելով իր իւրայատկութիւնը, դարձաւ սուրիական գունեղ ընկերութեան անքակտելի մէկ մասնիկը»։

Այնուհետեւ Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» բանաստեղծութիւնը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Արինա Պօշկեզէնեան։

Աւարտին խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. եպս. Աշգարեան, յայտնելով որ ջահերուն բոցը կը խորհրդանշէ մեր նահատակներուն արեան կանչը, որ արդարութիւն կը պահանջէ։ Օրուան երթը կը խորհրդանշէ մեր պահանջատիրութիւնը, իսկ բոցավառող կրակը յաւիտենական կեանքի վկայութիւնն է։

«Մահը, ջարդը, տանջանքը, նահատակութիւնը չկրցան ընկճել մեզ ու վերջ դնել մեր կեանքին։ Սպանեցին մեր պապերը, սակայն չկրցան սպանել հայու ճախրող ոգին։ Կրակը կը խորհրդանշէ նաեւ դատաստանը, որ հեռու չի թուիր մեզի։ Ու թէեւ աշխարհը կառավարողները յանդգնութիւն չունեցան ու չունին արդարութիւն հաստատելու, սակայն մենք մեր հաւատքին մէջ հաստատ ենք ու մեր հայեացքը կ՚ուղղենք արդարութեան եւ իրաւունքի նուաճման հորիզոններ», ըսաւ սրբազան հայրը: Ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին եւ անոր միջոցաւ իր նախնիներուն, որոնք ապաստան տուին Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայութեան։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ու դատապարտած երկիրներուն։