Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդր. Վարչութեան, Կիրակի, 23 Ապրիլին հալէպահայութիւնը կուռ շարքերով վերանորոգեց իր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու ուխտը եւ մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ջահերով երթին։

Երթը կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու 108 տարիներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու վառ մնացած յիշողութիւնը, եւ վերջապէս անպատիժ մնացած համամարդկային ողբերգութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Երթը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 7։15-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն։

Եր­թը Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Հանրապետութեան զոյգ դրօշ­նե­րով առաջ­նոր­դեց ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը։

Ջահերթին մասնակցեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ մարդասիրական խումբի հրամանատար, փոխգնդապետ Վահան Թադեւոսեանն ու մարդասիրական խումբի սակրաւորները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեանն ու դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանը, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու փողերախումբը եւ ժողովրդային լայն զանգուած մը։

Շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րը իրենց պատշ­գամ­նե­րէն մո­մեր բռ­նած կը զօ­րակ­ցէ­ին տո­ղան­ցող­նե­րուն։

Մասնակիցները ջահերով, մոմերով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներով ուղղուեցան Ազգ. գերեզմանատուն:

Գերզմանատան սեմին տեղադրուած էին 1915֊ին նահատակուած մտաւորականերու պատկերներ։

Հալէպահայ երեք համայնքապետներն ու երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ մարդասիրական խումբի հրամանատար, փոխգնդապետը եւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանները իրենց ջա­հե­րը միացնելով բոցավա­ռե­ցին Ցեղասպանութեան յու­շա­քա­րին ջա­հը։

Ապա անոնք ծաղ­իկներ խոնարհեցուցին յուշաքարին դիմաց։

Այնուհետեւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ յուշաքարին դիմաց։

Ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին յի­շա­տա­կը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Ապա ըն­թացք առաւ գե­ղար­ուես­տա­կան յա­յտա­գիր մը, զոր կը ներկայացնենք յաջորդիւ։