Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին, Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման միջհամայնքային Հանդիսութիւնը։

Բեթէլ Եկեղեցւոյ մուտքին ՀԵԸ-ի փողերախումբը դիմաւորեց հանդիսականները։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի հրամանատար, փոխգնդապետ Վահան Թադեւոսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, հաստատութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր եւ հայրենակիցներ:

Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Ապա բացման իր խօսքով հաստատեց. «Վերանորոգ հաւատքով ու պահանջատիրութեան ոգիով կը խոնարհինք մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ, ուխտելով տէր ու պաշտպան կանգնիլ Հայ Դատին եւ հաւատարիմ մնալ մեր նախահայրերուն քրիստոնէական եւ ազգային սկզբունքներուն ու արժէքներուն»:

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց պատուելի Ասատուր Մնչէրեան: Ան անդրադարձաւ մեր պատմութեան այն սեւ վարագոյրին, որ քաշուեցաւ 108 տարի առաջ, դիտել տալով, որ հայեր չեն հաւաքուիր ողբալու սեւ վարագոյրին ետին թափած արեան կորուստը, այլ՝ միասնական կամքով ու յոյսով, կեանքին կառչելով կը շարունակեն հաւատարմօրէն ապրիլ եւ ապրեցնել, որովհետեւ կը հաւատան կեանքին ու յարութեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով ներկաները ապրեցան յուզումնալից եւ խորհրդաւոր պահեր: Հայ Աւետ. միացեալ երգչախումբին կատարողութեամբ հնչեցին «Տէր Կ’աղերսենք» , «Տըլէ Եաման» երգերը, վերջինս մենակատարութեամբ Ծիլա Գերպապեանի, գեղ. ղեկավարութեամբ խմբավար Էօժէնի Աբէլեան-Մակարեանի, ընկերակցութեամբ Կոմիտասի անուան քառեակին: Ապա քառեակը ներկայացուց փունջ մը դասական ստեղծագործութիւններ։

Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերպ. Տէր Պետրոս Արք. Մրիաթեան վեր առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն օրինակը այն հայ մայրերուն, որոնք թուրքին ձեռքով զոհաբերուեցան ազգին խորանին վրայ։
«Անոնք կաթի փոխարէն իրենց սեփական արիւնով կերակրեցին իրենց մանուկները, որպէսզի ապրին։ Եղան մայրեր, որոնք Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ գրեցին այբուբենը, որպէսզի հայերէն սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։ Եղան ուրիշներ, որոնք իրենց դուստրերուն հետ ձեռք-ձեռքի նետուեցան Եփրատ գետին մէջ, որպէսզի ձերբազատին թուրքին ճիրանէն»։

Ապա հարց տուաւ. «Ազնուափա՛յլ տիկիններ եւ համեստափա՛յլ օրիորդներ, ո՞ւր ենք մենք այսօր մեր նախկին մայրերուն հետ համեմատաբար։ Միթէ՞ կը պահենք իրենց արժէքները»։
Եւ վերջապէս յորդորեց հայ մայրերը՝ պահել ընտանեկան սրբութիւնը, լաւապէս դաստիարակել իրենց զաւակները որպէս քրիստոնեայ եւ որպէս հայ ու տէր ըլլալ իրենց դուստրերուն, որովհետեւ վատ ժամանակի մէջ կ՚ապրինք։
«Այն ատեն միայն դուք հաւատարիմ կ՚ըլլաք եւ կը յարգէք յիշատակը մեր սուրբ, քաջարի, նահատակ մայրերուն», եզրափակեց Գերապայծառ Տէրը։

Այնուհետեւ Կալին Պալապանեան մեներգեց «Ատանայի Ողբը», իսկ Լոռի Մաթոսեան ասմունքեց «Խօսք Ընդ Աստուծոյ» քերթուածը:

Ապա Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելով ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը կ’ոգեկոչենք՝ յիշելով մեր 1, 5 միլիոն սուրբ նահատակները։ Անգամ մը եւս հայութիւնը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի դարձած, նոյն նպատակին համար կը համախմբուի՝ իր յարգանքի տուրքը ընծայելու մեր նահատակ հայորդիներուն զոհասեղանին:

Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան առաջին յիսուն տարիներուն, մեր ժողովուրդը տառապանքի սարսափին տակ, նեղութեան մէջ էր եւ չկրցաւ մտածել պահանջատիրութեան միահունչ իր ձայնը բարձրացնելու մասին, սակայն յիսնամեակին անդրադառնալով իր զօրութեան, իր նախնիներու քաջութեան եւ հաւատքի վկայութեան՝ զօրաշարժի ենթարկուեցաւ, հաւատարմութեան գիտակցութեամբ ոտքի կանգնեցաւ եւ սկսաւ բռունցք շարժել, ձայն բարձրացնել, յիշեցնել եւ պահանջել ու մինչեւ այսօր մենք կը շարունակենք պահանջատէր մնալ։ Մեր պարտականութիւնն է այդ մէկը կատարել, միշտ յիշելով, որ աշխարհը անարդարութեամբ լեցուած է։ Աշխարհի պետութիւնները, մանաւանդ անոնք, որոնք իրենք իրենց որպէս մարդկային իրաւունքներ պաշտպանող պետութիւններ կը ներկայացնեն, իրենց աչքերուն առջեւ կատարուած ցեղասպանութիւնները տեսնելով եւ ապրելով հանդերձ, իրենց շահերէն մեկնած իրենց աչքերն ու բերանները կը գոցեն, յաճախ կռնակ կը դարձնեն իրականութեան:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ տակաւին շատեր պիտի զոհուին արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար, բայց ժամանակը պիտի գայ եւ մեր իրաւունքը պիտի ստանանք, մեր պահանջատիրական դատը յաջողութեամբ պիտի պսակուի եւ բոլորս պիտի տեսնենք այդ մէկը, բայց համբերութիւն պէտք է, կամք պէտք է, հաւատարմութիւն պէտք է՝ մեր կրօնական ճշմարտութիւններուն, մեր ազգային արժէքներուն, մեր լեզուին, մշակոյթին, արմատներուն եւ մանաւանդ մեր ընտանեկան սրբութիւններուն նկատմամբ:

Միացեալ երգչախումբը շարունակեց իր ելոյթը մեկնաբանելով «Ո՛վ Հայոց Աշխարհ» եւ «Տէ՜ր, Ողորմեա» երգերը, վերջինս մենակատարութեամբ Վանա Մարգէեանի։

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հարիւր եւ ութը տարիներ առաջ թուրքին կատարած անողորմ հայաջինջ քաղաքականութիւնը, որուն զոհ գնաց քրիստոնէական իր հաւատքին հաւատարիմ, ստեղծագործ, շինարար եւ կենսունակ հայ ժողովուրդը։
Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ դժբախտութիւնը այդ օրերուն մէկէ աւելի երանգաւումներ ունեցաւ իր մէջ. «Թուրքին կողմէ հայուն անխնայ բնաջնջումը իրականութեան մէջ թուրք կառավարութեան հրէշային ծրագիրին դրսեւորումն էր», շեշտեց ան։
Համայնքապետ Վերապատուելին իր խօսքին մէջ հիմնուելով Աստուածաշունչի Եզեկիէլի (37։3֊10) համարներուն վրայ յայտնեց, որ այսօր մեր նահատակներուն ոսկորները կը ցնցուին ու կը ցնցեն մեզ, որովհետեւ տակաւին իրենց արդար հատուցումը չէ իրականացած։
Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Այսօր միջազգային ընտանիքին բացակայութիւնը եւ կամ ցասումը եղած պատահարներուն նկատմամբ մեզմէ կը խլէ արդար եւ կորսուած իրաւունքի հատուցումը»։
Ուստի Վերապատուելին շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի հաւաքական տենչերու իրականացման միակ աղբիւրը Հօր հաւատքով Աստուծոյ դառնալն է։
Ապա եզրափակելով ըսաւ. «Այսօրուան հանդիսութիւնը սոսկ յիշատակի ձեռնարկ չէ։ Անիկա Հայ Դատի հետապնդման ու ռազմավարութեան գործնական դրսեւորումի ազդակ է իւրաքանչիւր հայորդիի համար»:
Քրիստինա Միրաքեանի «Կիլիկիա» մեներգէն ետք, ներկաները Տէրունական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ բաժնուեցան հայ երեք համայնքապետներուն առաքելական միասնական օրհնութեամբ:

Հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին ծաղկեմատոյց կատարուեցաւ յանուն երեք համայնքապետներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսութեան։

Մարինա Պոզիաքալեան-Պազարպաշեան