Ստորեւ կը ներկայանենք Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած կեդր. հանդիսութեան բանախօսութիւնը:
24 Ապրիլը հայուն արեան հետ միախառնուած, կեանքին հետ շաղախուած եւ ապրումներուն ու ձգտումներուն հետ ընդելուզուած է։
Այս օրերուն կը խոնարհինք բոլոր այն զոհերուն եւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու փրկուած հայորդիներուն անբացատրելի  ցաւին, տառապանքին ու կորուստներուն դիմաց: 24 Ապրիլը մեր ժողովուրդին համար սրբացեալ 1,5 միլիոն նահատակները յիշելու օր ըլլալու կողքին, ուխտի վերանորոգման օր է: Նաեւ մեր զոհերուն՝ անոնց նուիրական կտակին հաւատարիմ մեր վճռակամութիւնը փրկելու, մեր յանձնառութիւնը վերահաստատելու օր է, ի խնդիր մեր անժամանցելի, բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման: Այս իմաստով է, որ հայուն համար ամէ՛ն օր 24 Ապրիլ պէտք է ըլլայ կ’ըսենք, եւ ո՛չ այն իմաստով, որ հայը ամէն օր պէտք է սգայ, ցաւի, ողբայ ու զոհի հոգեվիճակով տառապի:
Համասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս ոգեկոչեց իր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը: Կատարեց քայլարշաւներ, պատարագներ,  դասախօսութիւններ ու հսկումներ, ճառեր եւ շռնդալից  յայտարարութիւններ: Սակայն դժբախտաբար եւ դառնօրէն կ’անդրադառնամ ա՛յն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան մասին  բոլոր յուշագրութիւններն ու վկայագրութիւնները կը մնան գրադարաններու փոշոտած դարակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն 24 Ապրիլին յայտնուող հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու «պերճ» ճառախօսութեանց  մէջ:
Այս բոլոր յայտարարութիւններէն ետք, տակաւին կը հրճուի՜նք  այս կամ այն օտար քաղաքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, միւս կողմէ մոռնալով մեր արդար պահանջը ո՛չ միայն ոճիրի դատապարտման, այլեւ Արեւմտահայաստանի մեր կորսնցուցած հողերուն վերաբերեալ: Այսօր եթէ մենք մոռնանք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ուրիշներ ալ կը մոռնան, եւ Արեւմտահայաստան հայրենիքը կը դառնայ Աթլանթիտ ովկիանոսի յատակը կորսուած քաղաքին նման:
Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը վաղո՜ւց ապացուցուած է միջազգային ցեղասպանագէտներու կողմէ: Մինչեւ այսօր կուտակուած փաստերը այնքան հարուստ են իրենց բազմազանութեամբ, որ այլեւս անհրաժեշտ պէտք է նկատենք մեր աշխատանքները կեդրոնացնել ոճիրի հետեւանքներու վերացման  եւ հողային պահանջին վրայ: Հետեւաբար պարտաւոր ենք գործի լծուիլ, որովհետեւ խօսքը առանց գործի մեռեալ է: Իսկ մեր գործնական աննահանջ պահանջքը պիտի ըլլայ.
1.Նիւթական կորուստներու հատուցում (շարժուն եւ անշարժ գոյքեր):
2. Մէկուկէս միլիոն նահատակներու կեանքի հատուցում:
3.Մշակութային կորուստներու հատուցում՝ (դժբախտաբար կը շարունակուի մինչեւ այսօր):
4.Հայրենի բռնագրաւեալ հողերու վերադարձ:
5 . Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն եւ անոնց  ժառանգներուն հոգեկան ու մտային տագնապներու փոխհատուցում:
6. Նման ցեղասպանութիւններ չկրկնելու պետական երաշխիքներ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ:
Ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի: Հայ ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք թուրք պետութեան եւ անոր նախագահին  ցաւակցութիւնը՝ իր բացատրութեամբ  1915-ին պատերազմական պայմաններու մէջ մահացած հայերուն համար։ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է եւ վերջ…: Այս բացայայտ իրողութիւնը ո՛չ  քննութեան,  ոչ ալ վիճաբանութեան եւ կամ բանակցութեան նիւթ կրնայ ըլլալ հայ ժողովուրդին համար:
Մեր պահանջատիրութիւնը արդար է,  որովհետեւ ան հիմնուած է պատմական անհերքելի եւ փաստացի իրողութիւններու վրայ:
Մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական է, որովհետեւ ան հաստատուած է միջազգային օրէնքի տուեալներու հիման վրայ, միջազգային օրէնքը  յստակ կերպով կը պարզէ ցեղասպանութեամբ զոհուած ժողովուրդի մը արդար իրաւունքները:
Մեր պահանջատիրութիւնը սրբազան է, որովհետեւ  որեւէ կրօնի պարագային արդարութիւնը Աստուածատուր պարգեւ է, իսկ  իրաւունքն  ու անոր ձեռքբերումը՝ սրբազան պայքար:
Պահանջատիրութիւնը  կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրագիր: Պէտք չէ բաւարարուինք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով եւ կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ:  Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել՝ նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ուժը՝ համախմբելու հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները:
Մեր դատը ազգային է, որովհետեւ  Օսմանեան Թուրքիան ազգ մը ջնջելու նպատակով եւ  պետական մասշտապով իրագործեց իր վաղեմի երազն ու ծրագիրը, հետեւաբար այս իրաւական, պատմական անհերքելի փաստերը, առանցքը կը կազմեն մեր ազգային պահանջատիրութեան: Ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ սպառնալիք, որեւէ մէկուն կողմէ, եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերումով  յառաջացած ոչ մէկ պարտադրանք կրնան մեզ հեռացնել մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներէն:
Կ’ապրինք արմատական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ, հետեւաբար մեր ազգային պահանջատիրութիւնը եւս կոչուած է վերարժեւորման ենթարկելու իր ռազմավարական թէ մարտավարական առաջնահերթութիւնները, շեշտաւորումներն ու մօտեցումները՝ առանց հեռանալու մեր պահանջատիրութեան հիմնական սկզբունքներէն եւ գերագոյն նպատակէն: Այսօր,  Կովկասը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններու մէջ, ցեղասպան թուրքը իր ռազմաքաղաքական ներկայութիւնը աւելի ամրապնդած է շրջանէն ներս, նոյն ցեղասպանը բարեկամութիւններ սկսած է մշակել կարգ մը արաբ պետութիւններու հետ եւ կը փորձէ իր ծաւալապաշտ,  յարձակողապաշտ ներկայութիւնը ընդլայնել արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ:
Այս վտանգալից կացութեան դիմաց հայրենի իշխանութիւնը  բանակցութեան մէջ է Թուրքիոյ հետ դրացիական «առողջ» յարաբերութիւններ ստեղծելու համար: Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն թշնամիին հետ բնական յարաբերութիւն մշակել, որպէսզի այսպէս կոչուած Հայաստանի տնտեսութիւնը ծաղկի: Այս վտանգին դիմաց, մենք ազգովին լուռ ու անտարբեր պէտք չէ մնանք:
Կը գտնուինք լուրջ վտանգներու  դիմաց: Պէտք է ըլլանք զգօն եւ մանաւանդ միակամ: Հայաստանն ու Արցախը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց են, մանաւանդ Արցախը, որուն մէջ մենք հող կուտանք արիւնարբու թշնամիին, իսկ  միւս կողմէ հող կը պահանջենք նոյն ցեղասպանէն: Արցախի մեր վանքերն ու եկեղեցիները կը յանձնենք, իսկ միւս կողմէ Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ մեր բռնագրաւուած հոգեմտաւոր վայրերը կը պահանջենք: Այս ի՛նչ ահաւոր հակասութիւն է:
Հայրենի իշխանութիւնները իրենց  ուրոյն քաղաքականութիւնը ունին, երբ հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանին: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Հայաստան ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ անոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն եւ երբեք հրապարակաւ ցարդ չէ պահանջած Արեւմտահայաստանի յափշտակուած հողատարածքները:
Պատմութիւնը մեզ սորվեցուց, սակայն, որ Հայկական Հարցը կարելի է լուծել աստիճանաբար, երբ գերպետութեանց  հաշիւները կը համընկնին հայկական շահերուն: Թուրքիան փորձեց  իրեն իւրայատուկ ոճով, այլ խօսքով իր բնածին բարբարոսութեամբ լուծել Հայկական Հարցը: Նախ Արեւմտահայաստանի վարչական տարածքներու սահմանները փոխելով կապեց համաթրքական միջոցառումներու, եւ այդ ձեւով փորձեց թաղել հարցը: Տարածքային փոփոխութիւններով փորձեց անհետացնել հայ բնակչութեան ուժը հայկական գաւառներու մէջ, եւ երբ ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ՝ դիմեց Ցեղասպանութեան, օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաղաքական պայմաններէն: Այսօր ալ կը փորձէ նոյն քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի արիւնաթաթախ ձեռքով: Ան այսօր կ’ուզէ յափշտակել Արցախը, կ’ուզէ երկրորդ Ցեղասպանութիւն իրագործել Արցախի մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ: Շրջափակման այս ծանր պայմաններուն  դիմաց ո՞ւր է միջազգային ընտանիքը, ո՞ւր են արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն քարոզող գերպետութիւնները: Ըստ երեւոյթի իրենց շահերը չեն համըկնիր Արցախի հարցին:
Անկասկած որ իւրաքանչիւր արեւմտահայ յոյս ունի եւ կ’երազէ վերադառնալ իր դարաւոր հայրենիքը, նուիրուելու համար հայրենաշինութեան սրբազան գործին: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել երազանքը: Ամէն բանէ առաջ պէտք է նուիրուինք ինքնաճանաչման եւ մեծ աշխատանք տանինք ինքնամաքրման: Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական բոլոր խնդիրները  ու դառնանք միակամ  եւ նուիրուինք ու խթանենք նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան գործին:
Դժբախտաբար Սփիւռքն ալ, հակառակ իր բովանդակ կարողականութեան, ինքնութեան կորուստի տխուր ընթացքի մը մէջ կը գտնուի այսօր: Օտարութեան ճիրաններուն մէջ, իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղած այլ ժողովուրդներու նման մենք ալ ենթակայ ենք կամաւոր ստրկութեան եւ ուծացման՝ յանուն խաբուսիկ «բարօր» կեանքի մը: Հոս կ’ուզեմ շեշտել, որ ԱՌԱՆՑ ՀՈՂԻ ԱԶԳ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ: Սփիւռքահայը իր հայեացքը դէպի հայրենիք ուղղելով հանդերձ, պարտաւոր է իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացնել բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերը վերաշահելու հիմնախնդրին վրայ:
Տխուր իրականութիւններէն մէկն է, անշուշտ, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրած է այլեւս մեր ազգային քաղաքականութեան մարտավարութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլալէ, որուն մէջ իր տխուր դերը ունի հայրենի իշխանութիւնը, որ բնաւ մշակուած քաղաքականութիւն մը չէ ունեցած Հայկական Հարցը միջազգայնացնելու:
Միւս կողմէն, չբաւարարուինք միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքով եւ գտնենք մեր ապահով  յենարանները  արագօրէն զարգացող աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ՝ պատրաստելով գիտակից մասնագէտներ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գիտական ոլորտներէն ներս, այն երկիրներու մէջ ուր ստուար հայութիւն կայ:
Համասփիւռ հայութեան պահանջատիրութեան հիմքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի ազատագրումն է, իր ամբողջական հասկացութեամբ: Ներկայ փոքրիկ հայրենիքի հզօրութեան պատուանդանը Սփիւռքի կարողականութեան հարստութիւնն է, եւ եթէ չկարենանք պահել զայն յառաջիկայ յիսունամեակի ընթացքին՝ պէտք է մեղադրենք մենք զմեզ՝ մեր ամլութեան, ողջմտութեան բացակայութեան ու քաղաքական անհեռատեսութեան համար: Հեռու ինքնախաբէութենէ, իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին եւ արժանապատիւ լուծումներ որոնենք, երբ տակաւին ուշ չէ:
Կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ առանց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ ստեղծագործ ոգիով տոգորուած երիտասարդներու մասնակցութեան, չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն: Անցնող տասնամեակներուն մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ մեր երիտասարդները առանցքային դեր ունեցան իրենց խօսքով թէ գործով, գրիչով թէ քարոզչական աշխատանքով: Մենք կը հաւատանք, որ ներկայ ժամանակներու պայմաններուն ու պահանջներուն մօտէն հաղորդ եւ գիտութեամբ ու մասնագիտութեամբ զինուած մեր երիտասարդները կարելիութիւն ունին առաւել կազմակերպուածութեամբ ու աշխուժութեամբ վճռական դեր ստանձնել մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման համահայկական աշխատանքներուն մէջ:
Հետեւաբար մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներուն գործադրութեան բիւրեղացումը, մանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միասնակամութիւն մը:
Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ մեր ազգային վերականգնումի հետապնդումն ու իրագործումը Պատմական Հայաստանի ազատագրուած, միացեալ հողերուն վրայ:  Չխանդավառուինք պատահական խոստումներով, ո՛չ ալ յուսահատինք վաղանցուկ ժխտումներէն, ուրացումներէն: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէն, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:
Այստեղ անպայման պէտք է նաեւ երախտագիտութեան մեր զգացումները յայտնել այն բոլոր արաբական երկիրներուն, մանաւանդ Սուրիոյ,  որոնք ոչ միայն Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ իրենց հացը կիսեցին, այլ նաեւ եղան պաշտպան հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։
Երախտագիտութիւն բոլոր այն երկիրներու խորհրդարաններուն, նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանին, որոնք անցնող տարիներուն եւ մինչեւ վերջին օրերուն, պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Երախտագիտութիւն բոլոր այն պետական եւ քաղաքական պատասխանատուներուն, որոնք Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ճշդելով, յայտարարութիւններ կատարելով եւ հրապարակային ելոյթներով ու այլ միջոցներով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար դատին։
Երախտագիտութիւն բոլոր այն օտարազգի մտաւորականներուն, որոնք գիրի թէ խօսքի ճամբով հաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրողութիւնը։
Աւարտին մեր խօսքը ձեզի է, սիրելի՛ երիտասարդներ:
Մի՛ ձգէք որ մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու էութիւնը կազմող արդարութիւնը զոհը դառնայ աշխարհաքաղաքական ժամանակաւոր շահերուն։
Մի՛ ձգէք, որ ցեղասպանը զանազան դիմակներ գործածելով մոլորեցնէ հանրային կարծիքը եւ իր սպառնական ոճով փորձէ ձախողութեան մատնել հայանպաստ որեւէ քայլ։
Մեր պահանջատիրական ձայնը պիտի չդադրի ու պահանջատիրական պայքարը կանգ պիտի չառնէ՝ մինչեւ որ արդարութիւն հաստատուի հայ ժողովուրդին նկատմամբ։
Ա՛յս է պատգամը մեր սրբադասուած նահատակներուն։
Եւ ա՛յս է սրբազան ուխտը նահատակներու զաւակներուն:
Կեցցե՛ն Հայաստանն ու Արցախը: Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը: