Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, իսլամական Ֆըթըր տօնին առիթով, Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հետ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի Նահանգապետ Հուսէյն Տիապին։

Հոգեւոր պետերը Ֆըթըր տօնին առիթով իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները ուղղեցին Հալէպի նահանգապետին, Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին, անոնց մաղթելով արեւշատ, առողջ եւ պայծառ տարիներ։