23 Ապրիլի երեկոյեան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է աւանդական ջահերով երթ: «Յիշե՛նք անցեալը, պաշտպանե՛նք ապագան» խորագիրով երթը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն շարժած է դէպի Ստեփանակերտի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Զանգակատուն-յուշակոթող:
Աւելի քան 4 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ անգամ մը եւս շեշտուած է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը՝ նոր ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:
Նախքան երթը Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ կատարուած է ոգեկոչման արարողութիւն: