Երեւանի սիրտին մէջ՝ Օղակաձեւ զբօսայգիի չորրորդ հատուածը, 25 Ապրիլին, հանդիսաւորութեամբ բացուած է «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող աղբիւր-յուշակոթող: Այս մասին NEWS.am-ը կը տեղեկանայ Երեւանի քաղաքապետարանէն։

Սողոմոն Թեհլիրեան, Արամ Երկանեան, Արմէն Գարօ, Գրիգոր Մերճանով, Արա Սարգսեան, Աւետիք Իսահակեան, Հրաչ Փափազեան, Շահան Նաթալի, Յակոբ Մելքումով, Երուանդ Ֆունտուկեան, Միսաք Թորլաքեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արշակ Եզտանեան, Ստեփան Ծաղիկեան, Արտաշէս Գէորգեան, Պետրոս Տէր Պօղոսեան. 1915_ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ իրականացուցած երիտթուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918_ի Պաքուի հայերուն ջարդի կազմակերպիչներէն վրէժ լուծած հերոս հայորդիներու պատմութեան այսուհետեւ սերունդները պիտի ծանօթանան նաեւ այս յուշարձանին միջոցով, որ յարգանքի տուրք, իւրօրինակ խոնարհում ու հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութեան պատգամ է:

Աղբիւր-հ յուշակոթողը տեղադրուած է Երեւանի աւագանիին որոշումով, քանդակի հեղինակն է ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեան:

Յուշակոթողի տեղադրման միջնորդութիւնը ներկայացուցած էին Հայոց Ցեղասպանութեան վրիժառուներուն ժառանգները: