ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքըն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Պայրամով այսօր պիտի մասնակցին խաղաղութեան երկկողմ բանակցութիւններու փակման նիստին։

1 Մայիսին տեղի ունեցած են պետական քարտուղարի առանձին հանդիպումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ, որոնց յաջորդած են եռակողմ հանդիպումը, ապա՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի երկկողմ բանակցութիւնները: