Յառաջիկային նախատեսուող Թուրքիոյ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն Էրտողանի հիմնական մրցակից, ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու 6 Մայիսի երեկոյեան քարտէզ մը հրապարակած է, որով առաջարկած է շրջանցել «Զանգեզուրի միջանցքը» ու թրքական աշխարհը միաւորելու համար այլընտրաքային ուղի ընտրել։ Այդ քարտէզին մէջ Ատրպէյճան ընդհանրապէս տեղ չէ գտած։

Այդ մասին, Akunq.net-ի փոխանցումով, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցներ։

Աղբիւրին համաձայն, Քըլըչտարօղլու քարտէզը ներկայացնելու պահուն շեշտած է, որ անիկա «իր կեանքի ամենամեծ նախագիծն է» եւ զայն կոչած է «Թրքական ճանապարհի ծրագիր»։ Քըլըչտարօղլուի այս առաջարկը վրդովմունք յարուցած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներուն եւ այլ քաղաքական գործիչներու քով։

Մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի պատգամաւոր եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի հաւաքականութեան» փոխնախագահ Հիքմէթ Պապաօղլու, անդրադառնալով Քըլըչտարօղլուի առաջարկին, շեշտած է․ «Իրանի վրայէն դէպի Չինաստան դուրս եկող ուղին ոչ թէ պիտի միաւորէ թրքական աշխարհը, այլ՝ հակառակը՝ պիտի մասնատէ։ Քանզի մեզ՝ թուրքերս, միաւորող միակ ճանապարհը այն գիծն է, որ անցնելով Զանգեզուրի միջոցով՝ կ’երկարի մինչեւ եղբայրական հանրապետութիւններ։ Անոր այդ նախագիծէն պիտի շահին Ռուսիան, Իրանը եւ ամենաշատը՝ Հայաստանը, իսկ թուրքերը՝ պիտի կորսնցնեն։ Քըլըչտարօղլուի քարտէզը թուրքերը ոչ թէ միաւորելու, այլ մասնատելու դրսեւորում է։ Հանրապետաժողովրդական կուսակցութեան առաջնորդը Ատրպէյճանը պատժելու ատեն խոշոր շահ կ’ապահովէ հայերուն»։

Ատրպէյճանցի պատգամաւորը նաեւ յիշեցուցած է, որ Հանրապետաժողովրդական կուսակցութիւնը (CHP) վերջերս մերձեցած է Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP), ապա աւելցուցած է, որ մտահոգութիւն կայ այն առումով, որ եթէ Քըլըչտարօղլու Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գայ, դարձեալ քննարկման առարկայ պիտի դարձնէ Ղարաբաղի հարցը եւ «Շուշիի հռչակագիրը»։

Մէկ այլ ատրպէյճանցի՝ քաղաքագէտ Էլչին Միրզապէյօղլու, անդրադառնալով Քըլըչտարօղլուի քարտէզին, ընդգծած է․ «Քըլըչտարօղլու այդ քարտէզով բազմաթիւ տեղեր ուղերձ յղեց։ Քանզի ան եւս կը գիտակցի, որ Զանգեզուրը միայն ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհ չէ, անիկա նաեւ ուժանիւթի ուղի է։ Թրքական աշխարհը միաւորող միջանցքը Զանգեզուրի ճանապարհն է։ Պարոն Քեմալի յայտարարութիւնները արտայայտած են միայն հայկական թէզերը։ Ան շատ լաւ գիտէ, որ պարսկական աշխարհը կեդրոն դարձնելով՝ բացուելիք այդ գիծէն պիտի շահին ոչ միայն թուրքերը, այլեւ՝ Իրանը, Ռուսիան եւ հայերը։ Թրքական աշխարհը իրարու Իրանի վրայով կապելը կը նշանակէ թէ՛ ճանապարհը հազարաւոր քիլոմեթրերով երկնցնել, եւ թէ այդ ուղիին մէջ տարբեր գործընթացներ ընդգրկել։ Եւ ամենակարեւորը՝ եթէ Զանգեզուրի միջանցքը սկսի գործել, կը նշանակէ, որ հայերը այլեւս չեն կրնար այդ տարածքներուն մէջ իրենց անիրաւացի շահոյթը ունենալ։ Քըլըչտարօղլուի ներկայացուցած ուղին թուրքերու թշնամիները գծած են։ Ժամանակին Ատրպէյճանին 2 ուղղաթիռ նոյնիսկ չտուած անձեր հիմա կը ձգտին կտրել Ատրպէյճանի կապերը թէ՛ արեւմտեան աշխարհի, եւ թէ Թուրքիոյ հետ։ Պարոն Քեմալը բացայայտ ըսաւ՝ «Պիտի պատժեմ Ատրպէյճանը»։ Մենք կ’ըսենք՝ ան թող այդ քարտէզը ծալէ եւ իր գրպանը դնէ։ Հետագային իր թոռներուն ցոյց կու տայ։ Մենք Զանգեզուրի միջանցքը բանալով պիտի խանգարենք Թուրքիոյ հետ անոր խաղը»։