Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Մհեր Սահակեան 6 Մայիսին այցելած են Ջերմուկ եւ Վայք համայնքներ, բնակիչներուն եւ զինակից ընկերներուն հետ ունեցած են առանձնազրոյցներ, քննարկումներ երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:

«Բոլոր զրոյցներուն նիւթը նոյնն էր. երկրի անվտանգային հարցերը, շրջափակուած Արցախի Հանրապետութիւնը, սահմանը, թշնամիի շարունակական յարձակողական դրսեւորումները եւ անոր անհամարժէք պատասխանը: Եզրահանգումը անփոփոխ է՝ Դիմադրութիւն եւ այս իշխանութիւններուն՝ օր առաջ հեռացումը», ըսած է Գեղամ Մանուկեան։