9 Մայիսին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ «Ո՛Չ Արցախի ցեղային զտումի» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբի կողմէն կազմակերպուած է է բազմամարդ համաժողովրդական հանրահաւաք։

Հանրահաւաքին նախորդած է Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Յովաննու Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Հայրենական մեծ պատերազմին, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն, որմէ ետք տեղի ունեցած է Խաչերթ դէպի Եղբայրական յուշահամալիր, ուր երթի մասնակիցները ուղղուած են դէպի Վերածնունդի հրապարակ՝ միանալով հանրահաւաքի մասնակիցներուն։

Հանրահաւաքին նպատակը յաղթանակներուն օրը վերաիմաստաւորելն էր նոր ուխտով՝ Արցախը հայկական պահելու սրբազան ուխտով:

Հանրահաւաքի ընթացքիկ ելոյթով հանդէս եկած են ՀԱՍԵ Արցախի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կեդրոնի տնօրէն արժանապատիւ Տէր Վաչագան Քահանայ Կիւրճեան, «Ո՛Չ Արցախի Ցեղային Զտումին» պահանջագիրին եւ ստորագրահաւաքին նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Պաղրեան, «Մենք Ենք Մեր Սարերը» գործակալութեան համահիմնադիր, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, արցախեան 3 պատերազմներու մասնակից Քարմէն Աւետիսեան եւ երիտասարդներ։

Նախաձեռնողները տեղեկացուցին, որ թղթային եւ առցանց եղանակով հաւաքագրուած է 120 000 ստորագրութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Արցախը ապաշրջափակելու իրենց պահանջը, վերահաստատեցին հայրենիքի մէջ ազատ, անվտանգ ու անկախ ապրելու իրենց իրաւունքին տէր կանգնիլը, ցոյց տուին, որ Արցախը չի յանձնուիր եւ որ վճռական են՝ շարունակելու իրենց պայքարը, ինչպէս նաեւ զգօնութեան, սթափութեան, համախմբումի ու պայքարի կոչ ուղղեցին մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ։

Հանրահաւաքին մասնակցած են Արցախի ներկայ ու նախկին նախագահները, ԱՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորները: