Մեծ ողբերգութիւն ապրող հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին իր պատմութեան էջերուն մէջ թէեւ արձանագրեց մութ ու ցաւալի օրեր, բայց նաեւ յիշատակի արժանի եւ հպարտալի դէպքեր: Արեւմտահայութիւմը իր հայրենի հողերէն արմատախիլ ըլլալով մէկտեղ, կրցաւ վերապրիլ եւ ստեղծագործել նոր գաղթօճախներէն ներս:

Նման նիւթի մը անդրադարձը կատարուեցաւ դասախօսական ձեռնարկով մը։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի « Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2023-ին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մանկութիւն Չունեցող Ստեղծագործներ» խորագիրով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Գրական Յանձնախումբի անդամ, ճարտարագէտ Կարպիս Մինասեան:

Օրուան բեմավար Անի Գրատեան-Գալուստեան հրաւիրեց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Ադամեան-Չալօղլեանը՝ բացման խօսքը արտասանելու:

Չալօղլեան նախ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան նպատակին ըսաւ. « Թշնամին ուզեց տեղահան ընելով բնաջնջել հայ ազգը, սակայն տեղահանուած հայերը շուտով ապրելու տենչով եւ յամառ աշխատանքով նախանձելի պայմաններ ստեղծեցին նախ իրենց, ապա նաեւ յաջորդ սերունդներուն համար»:

Ձեռնարկը սկսաւ Յ. Շիրազի « Նոյի Ագռաւներ» բանաստեղծութեամբ, զոր մեկնաբանեցին Համազասպ Շաքարեան եւ Նանոր Մարտիկեան, ընկերակցութեամբ ջութակահար Տեսիլ Սարեանի:

Ապա օրուան դասախօսը հակիրճ ձեւով, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց կարգ մը ստեղծագործներ, որոնք Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբեր էին եւ վերապրելով ստեղծագործական աշխատանք ծաւալած էին տարբեր ոլորտներու մէջ։ Անոնք եղան հայ ժողովուրդին փառքն ու պատիւը: Անոնցմէ յիշեց՝ լուսանկարիչ Յովսէփ Քարշեանը, որ դիմանկարներ նկարելով յաջողած է ցոլացնել մարդոց յուզաշխարհը, մեքենագէտ Լուտեր Ճորճ Սիմճեանը, որ երկու հարիւրէ աւելի սարքերու ստեղծողն է, որոնցմէ հռչակաւոր են դրամատուներու մէջ քարտերով դրամ տրամադրող գործիքի կազմուածքը: Ան հիմնած է նաեւ զանազան ընկերութիւններ: Ներսէս Գրիգորեան, որ քիմիագէտ է, ձեռք բերած է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ, ճանչցուած է որպէս առասպելական գիտնական, մեծարուած է որպէս ազգային ապահովական գիտութեան տիտան: Ասատուր Սարաֆեան, որ որպէս մեքենագործ գիւտարար ճանչցուած է։ Ալեք Մանուկեան՝ գիւտարար, ստեղծագործ, մեծահարուստ բարերար է, մեծարուած է որպէս ճարտարագէտ: Ան հիմնած է իր սեփական ընկերութիւնը, որ կ՚արտադրէ ինքնաշարժի կտորներ: Մանուկեանի հռչակաւոր ստեղծագործութիւնը եղած է ջուրի միաբռնակ ծորակին գիւտը: Արթիւր Պիւլպիւլեան եղած է ատամնաբոյժ եւ գիւտարար։ Իր հռչակաւոր յայտնագործութիւնն է թթուածինի դիմակին գիւտը, որ ռազմական օդաչուին կը տրամադրէր՝ դիւրին շնչառութեան, դէմքը սառոյցէ պահպանելու դիմակ, որ իր մէջ կը կրէր նաեւ բարձրախօս: Իսկ Եդուարդ Քէօնճեան ճարտարագէտ եւ ստեղծագործ է աշխարհի առաջին արեւային ուժով բանող մանր Ռատիօ փոխանցիչը ստեղծած է:

Հանդիսութեան աւարտին վարչութեան ատենապետ Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց դասախօս Կարպիս Մինասեանը:

Ապա Սրբազան հայրը խօսք առնելով գնահատեց Մինասեանի օգտակար եւ պատմական արժէք ներկայացնող ուսումնասիրութիւնը ու ըսաւ. «Հպարտալի է հայ ազգին ստեղծագործ տարրը։ Հայերը փոքր ածու ըլլալով հանդերձ, Աստուածատուր շնորհք ունեցած են եւ ամբողջ աշխարհին տուած են հարստութիւններ»:

Սրբազան Հայրը գնահատեց Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը, որ այսպիսի եզակի մտայղացում ունեցաւ ծանօթացնելու մեր ազգին մանկութիւն չունեցող ստեղծագործները եւ քաջալերեց նման դասախօսութիւններու մատուցումը երիտասարդ սերունդին:

Թամար Գազանճեան-Քէօշկէրեան