Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հովուական անդրանիկ այցելութեամբ ժամանեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում, ինչպէս նաեւ աղ ու հացի օրհնութիւն՝ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբի անդամուհիներուն տարազաւոր ներկայութեամբ։ Եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջներուն ներքոյ եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր ՀՄԸՄ-ական տարազաւոր սկաուտները կանգնած էին դիմաւորելու Սրբազան Հայրը։
Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան:

Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմը, Լաթաքիոյ բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն, որոնք եկած էին ջերմեռանդութեամբ դիմաւորելու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Եկեղեցւոյ մէջ, կանոնական աղօթքէն ետք, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, յայտնելով, որ Լաթաքիոյ հայութիւնը խանդավառութեամբ եւ խինդով այսօր կը դիմաւորէ բարի հովիւին տիպարը ներկայացնող Հալէպէն ժամանած իր Բարեխնամ Առաջնորդին: Ան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, նշելով, որ օրհնեալ է իր գալուստը համայնքէն ներս, որովհետեւ կու գայ Տիրոջ անունով՝ Տիրոջ օրհնութիւնը բաշխելու բոլորին: Ապա ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղելու ժողովուրդին:

Սրբազան Հայրը Սաղմոսերգուին բառերով հովուական այցելութիւնը համարեց գոհութիւն յայտնելու օր եւ հրաւիրեց ժողովուրդը հակառակ բոլոր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն շարունակ գոհութիւն յայտնելու Տիրոջ, որովհետեւ ամէն օր կը վայելենք Աստուծոյ սէրն ու բարիքները: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Ս. Յարութեան տօնէն մինչեւ Համբարձում քառասուն օրեր զիրար պէտք է ողջունենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսով եւ վկայենք աստուածային օրհնութեան, բարիքին եւ սիրոյն մասին:
Մակար Սրբազան հաստատեց, որ սիրոյ կապով եւ Քրիստոսի ներկայութեամբ կապուած ենք իրարու, այն կատարեալ գիտակցութեամբ, որ իւրաքանչիւրս ծառայութեան իր լուման բերելով՝ իրեն վստահուած պարտականութիւնը լաւագոյնս կը կատարէ:
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ հաստատ մնանք մեր կոչումին մէջ, ձեռք ձեռքի տալով մեր ազգին եւ ժողովուրդին շահերը գերադասենք մեր անձնական շահերէն եւ վեհ արժէքներու համար աշխատինք, որպէսզի լաւագոյնս արժեւորուի մեր կեանքը:

Այնուհետեւ, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, ուր Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Սրբազան Հօր խնդրանքին, աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս կը շնորհէ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանին, առ ի գնահատանք Թեմէն ներս իր քահանայական բեղուն ծառայութեան: Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին հայրապետական կոնդակը:

Սրբազան Հայրը կոնդակը յանձնելով շնորհաւորեց Քահանայ Հայրը, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Ազգ. վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, մշակները, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմը, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւնները եւ Լաթաքիոյ հայութիւնը՝ հրաւիրելով բոլորը ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր ի պատիւ Սրբազան Հօր: