Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Սուրիոյ նախկին նախագահ հանգուցեալ Հաֆէզ ալ-Ասատի դամբարանը, Քրտահա։

Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Բերիոյ Թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչներ Աւօ Կարպուշեան եւ Նշան Լնդեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Արմէն Գասպարեան, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի եկեղեցիներու թաղականութիւնները եւ Լաթաքիայէն ազգայիններ։

Դամբարանի մուտքին սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին «Պաաս» կուսակցութեան Քրտահայի մասնաճիւղի քարտուղարը, մասնաճիւղի ղեկավար մարմնի անդամն ու շրջանի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ դամբարանի տնօրէնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծաղկեպսակ զետեղեց դամբարանին դիմաց որպէս յարգանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն: Այնուհետեւ նախագահին շիրիմին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն. այցելուները աղօթք բարձրացուցին առ ամենաբարին Աստուած՝ խաղաղութիւն հայցելով Սուրիական Հայրենիքին եւ բարի երթ՝ անոր վերականգնումի աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը մեծարեց հանգուցեալ նախագահն ու ըսաւ. «Երանի այն ազգին, որ գիտէ արժեւորել, յիշել իր մեծերը»:

Իր կարգին շրջանի տնօրէնը բարձր գնահատեց այս այցելութիւնը, շեշտելով որ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Սուրիոյ երկնակամարին ներքեւ միասնաբար պիտի շարունակենք սատարել երկրի վերականգնումին, միշտ յիշելով պատմական արժէք ներկայացնող մեր մեծերը։

Նայիրի Կարապետեան