Այսօր, ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ երկրաշարժէն տուժած սուրիահայ ուսանողներու օժանդակութեան 2-րդ փուլը տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ մէջ։ Լաթաքիահայ բոլոր ուսանողները հրաւիրուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ հանդիպում մը ունեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։

Մակար Սրբազան այս առիթով իր պատգամը յղելով ուսանողներուն գնահատեց անոնց ուսումնական երթը երկրի ծանր պայմաններուն մէջ, դիտել տալով որ Ազգային Վարչութեան բոլոր նիստերուն առկայ էր սուրիահայ բոլոր համալսարանականներուն, անխտիր, նեցուկ կանգնելու օրակարգը եւ ժողովը կը քննարկէր օժանդակութեան տարբեր կարելիութիւններ, յատկապէս երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած դժուարութիւններուն լոյսին տակ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս օրակարգը քննարկուած է ՀՅԴ Բիւրոյին հետ եւ համապատասխան որոշումներ գոյացած օժանդակելու ուսանողութեան, որպէսզի անոնք յաղթահարեն տարիներու պատերազմէն ու երկրաշարժէն ետք յառաջացած դժուարութիւնները ու անխափան ընթանան իրենց ուսման ասպարէզին մէջ։

Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան։

Հանդիպման աւարտին աւելի քան 150 լաթաքիահայ ուսանողներ նիւթական օժանդակութիւն ստացան։