Ուրբաթ առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Աշգարեան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս հանդիպումներ ունեցաւ նախ եկեղեցւոյ թաղականութեան, ապա, թաղականութեան ներկայութեամբ,
Արամոյի, Եագուպիէի եւ Ղընեմիէի թաղականութեանց հետ, որմէ ետք ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի, Պատանեկան Միութեան «Արցախ» մասնաճիւղի, ՀԲԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, ՍՕ Խաչի «Շուշի» եւ Համազգայինի «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութիւններուն հետ։

Մտերմիկ հանդիպումներու ընթացքին Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ տարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ դժուարութիւններուն, երկրաշարժին հետեւանքով կառոյցներու եւ եկեղեցիներու կրած վնասներուն։

Մակար Սրբազան գնահատեց տարուող աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին՝ վեր առնելով երկրի ծանր պայմաններուն մէջ անգամ ազգային եւ միութենական աշխատանքներուն յուսադրիչ հանգամանքը եւ ժողովուրդին ծառայելու գերագոյն նպատակը։

Հանդիպումներուն ներկայ էին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան։