Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ
Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութիւնը կազմակերպեց Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ – ուսուցչուհիներուն յատուկ վերաւորակաւորման աշխատանոց մը:
Արդարեւ 4,5 եւ 6 Մայիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսարանի Կիրակնօրեայ վարժարաններու տնօրէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան ժամանեց Գամիշլի։ Հայր Սուրբը վարեց այս աշխատանոցը եւ երեք օրերու ընթացքին ներկայացուց արդիական ձեւեր, արհեստագիտական միջոցներ, առաջարկներ ու թելադրանքներ, որպէսզի հաղորդական եւ մանկավարժական սկզբունքներով Աստուածաշունչին խօսքը, սաղմոսներու եւ շարականներու ուսուցումը հասանելի ըլլայ մանուկներուն։ Ան եռօրեայ դասընթացքի ընթացքին պարզեց ուսուցման այնպիսի միջոցներ, որոնք կը զարգացնեն մանուկներուն եւ պատանիներուն քննական միտքը, դատողութիւնը եւ վերլուծելու կարողութիւնը, որպէսզի իրենց կեանքը ապրին քրիստոսավայել ձեւով, ինչպէս նաեւ կարենան Աստուածաշունչին խօսքերը գործի վերածել ու կիրարկել իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:

Աշխատանոցի աւարտին, մասնակցողները առիթ ունեցան գործնական ձեւով կիրարկելու Հայր Սուրբին փոխանցած շինիչ գաղափարները:

Աշխատանոցը առիթ մը եղաւ նաեւ, որ Հայր Սուրբը լսէ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Այս իմաստով տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` համապատասխան բարւոք լուծումներ գտնելու համար։
Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր՝ իր փոխանցած օգտաշատ գիտելիքներուն համար:

Հայր սուրբը իր կարգին գնահատեց նուիրեալ ուսուցիչ- ուսուցչուհիները, հաստատելով, որ անոնք դրական դերակատարութիւն ունին Ճեզիրէի նոր սերունդին Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու նուիրական ու վեհ գործին մէջ:

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան