Հիգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ին, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի վարչութիւնը կազմակերպած էր դասախօսական երեկոյ մը նուիրուած՝ հայ թատրոնի պատմութեան։

Օրուան բանախօսն էր թատերագիր, բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Դաւիթեան Ուրիշիկեան, որ յայտնեց. «Թատրոնը արուեստի եւ մշակոյթի այն ճիւղերէն մէկն է, ուր դերասանը կ’արտայայտէ իր զգացումներն ու ապրումները, ներկայացնելով ճշմարիտ կեանքէն բաժին մը, ուր իւրաքանչիւր անհատ իրմէ մասնիկ մը կը գտնէ»։

Այնուհետեւ բանախօսին համառօտ կենսագրականը ներկայացուեցաւ, ապա ան հրաւիրուեցաւ նիւթը մատուցելու։

Ատրունի նախ անդրադարձաւ թատրոնի պատմութեան, սկսելով քարանձաւներու մէջ ապրող նախամարդէն, հասնելով Յունաստան, Տիգրան Մեծի եւ Արտաւազդ Բ.-ի օրեր, ապա միջնադար ու Զարթօնքի շրջան։ Բանախօսը շեշտեց, որ թատրոնի գոյութիւնը մարդկային պահանջք է, ուստի թատրոնը կ՚ապրի այնքան ատեն, որ մարդը կ’ապրի։

Դասախօսութիւնը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ապա ունկնդիրները հարցումներ ուղղեցին բեմադրիչին։ Ան քաջալերեց ներկաները գրիչ շարժելու, գրելու արձակ, բանաստեղծութիւն կամ թատրերգութիւն։

Աւարտին մասնկիցները խմբային լուսանկար մը ունեցան ու պատշաճ հիւրասիրութեան կողքին կարծիքներ փոխանակեցին։