Լաթաքիոյ Ազգ․ Սրբոց Նահատակաց վարժարանը հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող, նոր գաղութի կազմաւորման տարիներուն, դառնալով հայութեան վերապրումի հիմնական դարբնոցը։ Հարիւր տարի շարունակ զարգանալով որպէս կառոյց, ուսումնական հաստատութիւն եւ հայապահպանման օջախ, անոր մատեանը հարստացուցած են հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող նուիրեալներ, ծառայողներ, կրթական մշակներ, տնօրէններ, հոգաբարձուներ, բարերարներ, վարչական պատասխանատուներ եւ շրջանաւարտ հունձքեր։

Այս բոլորը վերակենդանացնելու եւ նորահաս սերունդին որպէս պատմութիւն ու պատգամ հրամցնելու համար վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը կազմակերպած էին վարժարանին 100-ամեայ հանդիսաւոր յոբելեանը, որ անցաւ հանդիսութեան մը սոսկական սահմանները եւ լուսարձակի տակ բերաւ վարժարանին պատմութիւնը, դերը, ինչպէս նաեւ այս առիթով հրատարակուած Յուշամատեանը։

Արդարեւ, Ուրբաթ, 12 Մայիսին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանի, տեղի ունեցաւ վարժարանի 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին կողքին հանդիսականներուն մաս կը կազմէին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի յարաբերական մարմնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Լաթաքիոյ ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Հոգշ. Տ․ Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ՍՕ Խաչի Շրջ․ Վարչութեան ատենապետուհին եւ լաթաքիահայ միութիւններու, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, Քեսապի Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ու Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներ, Լաթաքիոյ վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու հրաւիրեալներ։

Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէյիրմէնճեան-Գարամարտեան, որ նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ եւ Հայաստանի ու Արցախի նահատակներուն յիշատակը, ապա շեշտեց, որ վարժարանը իր հիմնադրութեան օրէն յոյսի եւ լոյսի ջահը փոխանցած է լաթաքիահայ սերունդներուն, կերտելով ուսեալ, գիտակից, հայրենասէր ազգայիններ։ Ան կոչ ուղղեց վարժարանի շրջանաւարտներուն առողջ ու կանգուն պահելու դպրոցը, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ պարտաւորութիւն ունի ազգին միջնաբերդին՝ հայ դպրոցին նկատմամբ։
Այնուհետեւ տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց 1983-ի շրջանաւարտ անգլերէն լեզուի մասնագէտ, թարգմանիչ Գոհար Ներսէսեանն ու 1985-ի շրջանաւարտ երկրչփ․ Թովմաս Մանճեանը՝ ներկայացնելու վարժարանի շրջանաւարտներու խօսքը։ Անոնք ներկայացուցին վերապրած հայերու համեստ պայմաններուն մէջ հիմնուած այս օջախին հիմնադրութեան, վերանուանումին, գոյատեւման լուսաւոր ուղին ու շեշտեցին, որ ան եղած է գաղութի միասնութեան խորհրդանիշը, իսկ անոր հնամեայ կառոյցին մէջ կազմուած է ջերմ ու ներդաշնակ ընտանիք մը՝ վարժարանի մեծ ընտանիքը։ Շրջանաւարտները խոստացան մշտապէս հաւատարիմ մնալ վարժարանին ու նեցուկ կանգնիլ անոր։
Այս առիթով հակիրճ խօսք արտասանեց նաեւ վարժարանի պետական տնօրէնուհի Պատրիէ Խըտըր ալ-Սալեմ։ Ան յայտնեց, որ հայեր գրկաբաց ընդունուեցան սուրիացի ժողովուրդին կողմէ ու որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ մասնակցեցան Սուրիոյ բարգաւաճման աշխատանքներուն, միեւնոյն ատեն պահելով իրենց լեզուն, դպրութիւնն ու մշակոյթը։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կրթական մշակներուն, դաստիարակներուն եւ վարչական պատասխանատուներուն, որոնց միասնական ճիգերով վարժարանը պիտի շարունակէ իր գոյերթը՝ առողջ ու գիտակից շրջանաւարտ հունձքեր հասցնելու։

Ներկայացուեցաւ վարժարանի հարիւրամեայ պատմութիւնը, ներկայացնող տեսանիւթ մը, ուր լուսարձակի տակ առնուեցան հիմնադիր դէմքեր եւ վարժարանի կառուցային եւ ուսումնակրթական զարգացման փուլեր։
Դաշնակահար Սօսի Գոչեան-Կարպուշեան դասական երաժշտութեան գեղեցիկ ստեղծագործութեամբ, տպաւորիչ կատարումով ջերմացուց սրտերը։
Մերթ ընդ մերթ ընթերցուեցան այս առիթով առաքուած շնորհաւորագրերը։

Օրուան բանախօսն էր պատմական գիտութիւններու դոկտ․ Շողիկ Աշըգեան, որ միեւնոյն ատեն հեղինակն էր վարժարանի հոգաբարձութեան ջանքերով այս առիթով հրատարակուած Ազգ․ Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հարիւրամեայ պատմութեան Յուշամատեանին։

Աշըգեան լուսարձակի տակ առնելով հայ դպրոցին դերը ըսաւ․
«Հայ դպրոցը մեսրոպաստեղծ տաճար է, անառիկ բերդ է, մարդկային պաշարներու անսպառ շտեմարան է: Ուսուﬓարան եւ կրթարան է միաժամանակ: Հարիւրամեակ մը կ’ենթադրէ 100 տարիներու յաղթերգութիւն ու լինելիութիւն: Կ’արժէ’ պանծանցնել դարու մը աւանդն ու ժառանգութիւնը: Աւանդը կը փոխանցուի, ժառանգութիւնը կը հարստացնէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ օրը տօնական է, պահը՝ հանդիսաւոր, առիթը՝ յոբելեանական, ուրախութիւնը՝ համընդհանուր, հանդիսութիւնը ՝ հպարտութիւն առթող ու անկրկնելի»։
Անդրադառնալով Լաթաքիոյ հայ գաղութի կազմութեան բանախօսը ըսաւ, որ Մեծն Տիգրան, ՔԱ 83 թուականին կառուցած է Լաթաքիոյ նաւահանգիստը։ Այդ թուականին հետ կը կապուի նաեւ հայերու առաջին ներկայութիւնը Լաթաքիա: Աւելի քան 20 դար ետք, Կիլիկիայէն, Հայաստանի տարբեր քաղաքաներէն տեղահանուած ու գաղթական հայեր եւ ցեղասպանութենէն վերապրած տեղաբնիկ հայեր այս անգամ կը հիմնեն իրենց սերունդներուն ինքնութիւնը պահպանելու կոչուած նաւահանգիստը՝ Ազգ. Ս․ Յակոբեանց Երկսեռ վարժարանը, որ ըլլալով կրթական յատուկ ծրագիրով ուսումնական հաստատութիւն, պիտի տարբերէր նախքան Մեծ Եղեռն Եկեղեցւոյ հովանին տակ գործած հայերէն կարդալ- գրել սորվեցնող Ազգ. վարժարանէն:
Ապա դպրոցի ներկան հիմնադրութեան օրուան հետ կամրջելով անդրադարձաւ վարժարանին կենսագործութեան, արժեւորեց անոր հայապահպանման ու հայակերտման վաստակաշատ աշխատանքը, որ տարած են կրթական ասպարէզին նուիրուած՝ բազում ուսուցիչ- ուսուցչուհիներ եւ տնօրէններ:
Բանախօսը առանձնաբար անդրադարձաւ դպրոցի առաքելութեան, գաղութի բոլոր Ժամանակներու լուսաﬕտ ու հեռատես ղեկավարութեանց, պատասխանատուներուն համագործակցութեան ոգիին ու դպրոցի զարգացման նպաստող համախոհ աշխատանքին, 21-րդ դարուն հայ դպրոցին եւ աշակերտին դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն, Հարիւրամեակին առիթով վարժարանի Հոգաբարձութեան մտայղացմամբ Յուշամատեանի հրատարակման եւ հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսութեան խորհուրդին:
Եզրափակելով Աշըգեան ըսաւ․ «Այնքան ատեն որ Հայ Դպրոցը կայ ու կը գործէ, անմահ է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը: Եւ այնքան ատեն որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի լեզուն կը հնչէ՝ կ’ապրի՛ հայը»: (Բանախօսին խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ, «Գանձասար»-ի Մայիս Գ․ համարով)։
Այս առիթով շրջանաւարտներէ կազմուած յատուկ պարախումբը ելոյթ ունենալով մերթ հեզաճկուն, մերթ խրոխտ շարժումներով ներկայացուց «Նազ պար» եւ «Հայ Զինուոր» պարերը, գեղ․ ղեկավարութեամբ շրջանաւարտ Բալիկ Գաբթանեանի։

Գեղարուեստական յայտագիրը հարստացուցին նաեւ Ճէյմս Պետրեան, ասմունքելով Մուշեղ Իշխանի «Հայ Հոգին» քերթուածը, Դալար Սեբէթճեան-Մէյխանաճեան, ասմունքելով Ժագ Յակոբեանի «Հայկա՛կ, Ձե՛ռք Առ Հայերէն Գիրք» քերթուածը եւ Ներսէս Մուրատեան մեներգելով Խաչատուր Աւետիսեանի «Բարի Առաքիլ»-ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սիմոն Սարրաֆի։

Վարժարանի հոգաբարձութեան խօսքը ուղղեց հոգաբարձութեան ատենապետ Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան ու ըսաւ․ «Վարժարանի մը հարիւրամեայ երթը կÿենթադրէ պողպատեայ կամք։ Դեռ աւելին․ անոր առաքելութեան հաւատացողներէն կը պահանջէ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու պայծառատեսութիւն, իսկ հաւատաւոր եւ ժիր մտքի մշակներէն՝ գերագոյն ճիգ եւ ծանրակշիռ աշխատանք։ Հայապահպանում, ազգապահպանում, մարդակերտում եւ հայեցի դաստիարակութիւն․ վսեմ այս նպատակներուն կառչած մնալու հայու հաւատքն է, որ դար մը ամբողջ անխախտ պահած է մտքի այս ամրակուռ տաճարը։ Բի՜ւր յարգանք բոլոր նուիրեալներուն ու խոնարհ ծառայողներուն»։
Հանդիսութեան աւարտին Հոգեշ․ Տ․Մանուկ Վրդ․ Պարիխանեան ընթերցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը վարժարանի 100-ամեակին առիթով։

Այս առիթով հոգաբարձութիւնը վարժարանի տնօրէն Հուրի Տէյիրմէնճեան-Գարամարտեանը խորհրդանշական յուշանուէրով մը պարգեւատրեց՝ վարժարանէն ներս իր երկարամեայ ծառայութեան համար, ձեռամբ սրբազան հօր եւ հոգաբարձութեան ատենապետին։ Տնօրէնուհին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սրբազան հօր, հոգաբարձութեան, ապա նաեւ կրթական մշակներուն՝ համագործակցաբար վարժարանը յառաջ տանելու աշխատանքին ի նպաստ անոնց ճիգերուն համար, ինչպէս նաեւ իր ծնողքին եւ ամուսինին, որոնք զինք քաջալերած են տեւաբար։

Ապա տեղի ունեցաւ Ազգ․ Սրբոց Նահատակաց վարժարանի այս առիթով հրատարակուած Յուշամատեանին գինեձօնը։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմին Առաջնորդը։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ ցեղասպանութենէն ճողոպրած, սփիւռքեան տարածքին ցիր ու ցան եղած, թիթեղաշէն տնակներու մէջ ապրած, դժուարութիւններու, տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց պայքարելով իրենց օրապահիկը ապահոված հայորդիներ ճիգ ու ջանք թափելով նման վարժարան մը հիմնեցին, հետեւաբար անոր 100-ամեակի յիշատակումը ճշմարտապէս հրաշքի համազօր իրականութիւն մըն է:
Մակար Սրբազան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը ասպնջական արաբ ժողովուրդին մօտ ընդունելութիւն եւ ապահովութիւն գտաւ, սկսաւ իր ճակտի քրտինքով եւ արժանապատուութեամբ աշխատիլ, իսկ աշխատանքի իր ամենակարեւոր բաժինը յատկացուց եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնադրութեան, որովհետեւ միայն եկեղեցւոյ եւ դպրոցին ճամբով կարելի էր Սփիւռքի տարածքին հայուն հաւատքը, հոգին եւ ազգային նկարագիրը անաղարտ պահել:
«Եկեղեցին մեր հոգեւոր ծննդավայրն է, իսկ հայ դպրոցը՝ մեր իմացական եւ մտաւորական ծննդավայրը, ուր կը ստանանք հայեցի դաստիարակութիւն»: Այս հաստատելով Մակար Սրբազան ներկաները հրաւիրեց գուրգուրալու հայ դպրոցին, կարդալու հայերէն գիրք եւ խօսելու հայերէն:
Եզրափակելով, սրբազան հայրը մաղթեց, որ 100-ամեակը Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարանին համար նոր սկիզբ մը ըլլայ՝ յաջողութենէ յաջողութիւն եւ փառքէ փառք բարձրանալու։ Ապա սուրիահայերուն հաւատարմութիւնը յայտնեց քրիստոնէական մեր հաւատքին, լեզուին եւ ծննդավայրին՝ Սուրիոյ, եւ վերջապէս երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին, քաջարի բանակին եւ ժողովուրդին։

Առաջնորդ սրբազանին «Պահպանիչ»-էն վերջ, ներկաները առիթ ունեցան Յուշամատեանէն օրինակներ ստանալու։

Թղթակից