Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Լաթաքիոյ հայութեան իր տուած հովուական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ ոստիկանապետ կեներալ Ապտօ Քարամին:
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Լնդեան եւ Լաթաքիոյ թաղականութեան անդամներ:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրիոյ նախկին նախագահ հանգուցեալ Հաֆէզ ալ-Ասատի դամբարան իր այցելութեան, որ առիթ հանդիսացաւ մեր յարգանքն ու սէրը փոխանցելու եւ անոր յիշատակներով զօրացած մեր աշխատանքները շարունակելու:
Մակար Սրբազան յայտնեց, թէ երախտագիտութեան ոգին միշտ մեր մէջ կը բոցավառի Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին հանդէպ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն գրկբաց ընդունեց մեր մայրերն ու հայրերը եւ իր հացը կիսեց անոնց հետ:

Ոստիկանապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան առիթով եւ անդրադառնալով հայ ժողովուրդին հետ եղբայրական սերտ գործակցութեան նշեց, թէ Հայը միշտ հաւատարիմ գտնուած է այն երկրին, ուր ապրած է եւ պատրաստ եղած է արեան գնով պաշտպանելու անոր իրաւունքները:

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Լաթաքիոյ ոստիկանապետին՝ Քրտահա այցելութեան իր կատարած կարգադրութիւններուն համար եւ աղօթեց, որ Ամենակալը պահէ ու պահպանէ Սուրիական հայրենիքը, անոր վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատը, Սուրիոյ բանակն ու ժողովուրդը: