5 Մայիսին, ժամը 16։30-ին, Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Ազգագրագրութեան Երախտաւորները . Ռուբէն Պարսումեան» խորագիրով բանախօսութիւն:

Բանախօսն էր գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեան:

Ան հակիրճ խօսքերով ներկայացուց ցեղասպանութենէն ետք Այնթապէն-Հալէպ տարագրուած Պարսումեան ընտանիքի պատմութիւնը: Անոնց սերնդէ-սերունդ արհեստի մէջ արձանագրած յաջողութիւններն ու գիր-գրականութեան, գիտելիքի նկատմամբ ունեցած ինքնաբուխ հետաքրքրութիւնները:

Հ. Թոքմաճեան լուսարձակի տակ առաւ Ռուբէնի հետաքրքրութիւններու լայն շրջանակը՝ թատրոնէն մինչև արհեստագործութեան տարբեր ճիւղեր: Ներկայացուց անոր տասնամեակներու վրայ երկարող ազգօգուտ աշխատանքը: Անդրադարձ եղաւ թէ՛ Պարսումեանի հարուստ հաւաքածոյին, թէ՛ Սուրիոյ մէջ հաստատուած տարագիր հայ արհեստաւորներուն վերաբերող արխիւային արժէքաւոր նիւթերուն:

Հանդիպման ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ռուբէն Պարսումեանի պղնձեղէնի հաւաքածոն ներկայացնող փաստագրական տեսաֆիլմ՝ իր մեկնաբանութեամբ:

Ձեռնարկին ներկայ էին թանգարանի գիտաշխատողները, ֆոնտապահները, ինչպէս նաև Ռ. Պարսումեանին քաջածանօթ բազմաթիւ հալէպահայ հայրենակիցներ:

Քաղուած՝ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի դիմատետրի էջէն։

Առաջին լուսանկարին մէջ՝ Ռուբէն Պարսումեան եւ Հրազդան Թոքմաճեան,
2005թ., Հալէպ, Ճտէյտէ, Աուճէթ Քայալի,
լուսանկարը՝ Յակոբ Մոմճեանի։