14 Մայիսին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Իշխան Սաղաթէլեան, Արմէնուհի Կիւրեղեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Քրիստինէ Վարդանեան այցելած են քաղաք Վանաձոր, հանդիպում ունեցած են տեղւոյն բնակիչներուն հետ:

Պատգամաւորները պատասխանած են քաղաքացիներուն յուզող բազմաթիւ հարցերուն, խօսած են յառաջիկայ ընելիքներուն մասին:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանին, մարզային յաջորդ այցելութիւններուն մասին պիտի տեղեկացուին նախապէս։