Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսեանը այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։

Խնամակալութեան ատենապետ երկրչ. Տիգրան Պետրոսեան հրաւիրեց սրբազան հայրը միջնակարգի եւ երկրորդականի 2022-2023 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնները հովանաւորելու, հայրական օրհնութեամբ վկայականաց բաշխում կատարելու եւ իր պատգամը ուղղելու շրջանաւարտներուն։

Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնելով գնահատեց Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ տնօրէնուհիին ազգանուէր ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց պետական քննութիւններուն ընդառաջ կանգնող շրջանաւարտ աշակերտներուն։