Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Հ.Հ. Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ընդհ. պատասխանատու գնդապետ Արկատի Տօնոյեան եւ 12-րդ խումբի հրամանատար Միքայէլ Մկրտիչեան այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ երկրաշարժի արտակարգ մարմինի ներկայացուցիչ տիար Յարութ Հայրապետեան։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպ ժամանած 12-րդ խումբի յառաջիկայ ծառայութիւններուն մասին։

Սրբազան հայրը երախտագիտական զգացումներով իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ եւ բարի գալուստ մաղթեց 12-րդ խումբի ականազերծողներուն եւ հրամանատարին եւ բարեյաջող ու անփորձանք գործունէութիւն մաղթեց անոնց։