Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային նորընտիր վարչութեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Փիեռ Մուսալլի։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ մասնաճիւղերուն եւ միաւորներուն տարած մշակութային բազմաբեղուն գործունէութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնը տալով ու զօրակցութիւն յայտնելով՝ հայ մշակոյթի պահպանման եւ վերելքին նպաստող աշխոյժ գործունէութիւն մաղթեց անոր։

Անդրանիկ այցելութեան առիթով, Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան սրբազան հօր նուիրեց միութեան նշանակը կրող յուշանուէր։