ԱՄԺ Տան «Դալար Այգեստան»-ը ամէն տարի նոր անակնկալներով կը ներկայանայ հալէպահայութեան։

Տնօրէն Տիգրան Պետրոսեան կը շեշտէ, որ ձմրան եղանակին անգամ «Դալար Այգեստան»-ի բարեզարդման աշխատանքները չեն դադրիր։

Ան նախանձախնդիր է ամէն տարի հաճելի անակնկալներով հարստացնելու Այգեստանը ու հետամուտ է նոր ոճով, բարձր ճաշակով յարդարելու զայն ու ջերմութեամբ բանալու անոր դռները յարգոյ յաճախորդներուն դիմաց։

Այսուհետեւ «Դալար Այգեստան»-ը պիտի յատկանշուի ոչ միայն համադամ ճաշատեսակներով, նպաստաւոր գիներով եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտով, այլեւ իր ընտիր, գունեղ եւ հոտաւէտ ծաղիկներով ձեզ պիտի պարգեւէ բնութեան բոյրն ու հմայիչ տեսքը վայելելու անկրկնելի պահեր։

Անհամբե՞ր էք վայելելու այս բոլորը…
Շուտով կը յայտարարենք բացման թուականը եւ այլ նորութիւններ։

ԱՄԺ Տան Տնօրէնութիւն եւ Խնամակալութիւն